Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց աղօթել միսիոնարներու համար եւ Լիպիայի խաղաղութեան համար։

«Ժամն է դադրեցնելու ամէն տեսակ թշնամութիւն ու խթանելու երկխօսութիւնը երկրին մէջ հաստատելու համար խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու միասնութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 18 հոկտեմբեր 2020-ին իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանած Մարեմեան աղօթքի  աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն յիշեցուց՝  թէ այսօր կը յիշատակուի Միսիոներական Համաշխարհային օրը, որուն բնաբանն է «Ահաւասիկ եմ զիս ղրկէ. Եղբայրութեան հիւսողներ»։

«Գեղեցիկ բառ է հիւսողներ բառը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով՝ թէ «քրիստոնեան կանչուած է ըլլալու հիւսող», ինչպէս են բոլոր միսիոնարները, «որոնք Աւետարանը կը սերմանեն աշխարհի մեծ արտին մէջ»։  «Աղօթենք անոնց համար ու գործնական կերպով նպաստենք անոնց առաքելութեան», հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը։

Այս ծիրէն ներս Ան գոհաբանութիւն յայտնելով Աստուծոյ յիշեց երկու տարի առաջ Նիճերի մէջ առեւանգուած  Հայր Լուիճի Մաքքալլիի ազատագրումը հրաւիրելով զայն ողջունել ծափահարութեամբ, ու խնդակցութիւն յայտնեց անոր հետ այլ երեք առեւանգուած անձերու ազատագրումին համար հրաւիրելով շարունակել աղօթել աշխարհի բոլոր միսիոնարներուն եւ կրօնուսոյցներուն համար ու յատկապէս անոնց  համար, որոնք հալածուած ու առեւանգուած են։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն յիշեց ու զօրակցութիւն յայտնեց Լիպիայի մէջ մէկ ամիսէ ի վեր կալանուած ձկնորսներուն, խրախուսուելով զանոնք կենդանի պահել յոյսը  վստահելով Մարիամին՝ Աստղ ծովուն, որպէսզի կարողանան վերադառնալ իրենց սիրելիներուն մօտ։  

Քահանայապետը ապա մաղթանք յայտնելով, որ Միջազգային գետնի վրայ  տարբեր երկխօսութիւնները հանգին լուծումի հաստատեց՝ թէ «Ժամն է դադրեցնելու ամէն տեսակ թշնամութիւն ու խթանելու երկխօսութիւնը երկրին մէջ հաստատելու համար խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու միասնութիւնը»։

Ան ապա հրաւէր ուղղեց հաւատացեալներուն պահ մը լռութիւն պահել եւ աղօթել այդ դիտաւորութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց տարբեր վայրերէ հրապարակ ժամանած ուխտաւորները ու բոլորին մաղթեց բարի կրակի խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2020, 12:45