Խորհրդատու Կարդինալներու Խորհուրդի անդամները Բարթողոմէոս Ա հետ Խորհրդատու Կարդինալներու Խորհուրդի անդամները Բարթողոմէոս Ա հետ 

Խորհրդատու Կարդինալներու Խորհուրդի առցանց հանդիպումը

Նշենք թէ վերջին ժողովը ՝ 33-րդը, տեղի ունեցած էր այս տարուայ 17 -19 փետրուարին ապա անոնք համաճարակի պատճառաւ ընդհատուեցան։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի հաստատեց թէ վաղը՝ երեքշաբթի 13 հոկտեմբեր 2020-ին, տեղի պիտի ունենայ  Քահանայապետի Խորհրդատու Կարդինալներուն Խորհուրդի առցանց հանդիպումը որուն ընթացքին ի մէջ այլոց պիտի քննարկուի թէ ինչպէս կազմակերպել յառաջիկայ հանդիպումները՝ ի տես առողջապահական ճգնաժամին։

Նշենք թէ վերջին ժողովը ՝ 33-րդը, տեղի ունեցած էր այս տարուայ 17 -19 փետրուարին  ապա անոնք համաճարակի պատճառաւ ընդհատուեցան։

Փետրուարի նիստի ընթացքին, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Կարդինալ Օսքար Ռոտրիկէս Մարատիական, Կարդինալ Ռէյնարտ Մարքսը, Կարդինալ Սին Փաթրիք Օմաալէյը, Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոն եւ Կարդինալ Օսվալտօ Կրասիասը շարունակած են Հռոմի Քուրիայի առաքելական նոր սահմանադրութեան նախագիծի խոր ընթերցումին  եւ վերանայման աշխատանքը, որը վաւերացումէն ետք պիտի փոխարինէ Յովհաննէս Պօղոս Բ հրապարակած «Փասթոր Պոնուս» առաքելական  սահմանադրութիւնը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2020, 15:07