Հայր Լեոնարտօ Մելքի Եւ  Հայր Թոմաս Սալեհ Հայր Լեոնարտօ Մելքի Եւ Հայր Թոմաս Սալեհ 

Երանելիներու շարքին պիտի դասուին հայոց ցեղասպանութեան Ժամանակ սպաննուած երկու կրօնաւորներ։

Աստուծոյ ծառայ Հայր Լեոնարտօ Մելքի եւ Թոմասօ Սալեհ իրենց հաւատքին համար ատելութեամբ սպաննուեցան Թուրքիոյ մէջ 1915 եւ 1917 թուականներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 27 հոկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, Վատիկանի մէջ ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի նորանշանակ կառավարիչ, կարդինալ Մարչելօ Սեմերարօ։ Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Հայրը ծիրանաւորին արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովի նոր սուրբերու եւ երանելիներու հայող հրամանագիրերը։

Ունկնդրէ լուրը

Մօտիկ ապագային սուրբ պիտի հռչակուի, երանելի Ճուսթինօ Մարիա Ռուսլոլիլիօ։ Ան եղած է հիմնադիրը «Աստուածային կոչումներու» անուան միաբանութեան։ Ծնած է Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մէջ 18 յունուար 1891-ին իսկ հոգին աւանդած է առ Հայր 2 օգոստոս 1955ին։

Մօտիկ ապագային երանելի պիտի հռչակուին։

Լեոնարտօ Մելքի եւ Թոմասօ Սալեհ Քափուչիններու միաբանութեան պատկան երկու կղերականներ, որոնք իրենց հաւատքին համար ատելութեամբ սպաննուեցան Թուրքիոյ մէջ՝ 1915 եւ 1917 թուականներուն։

«Աստուծոյ ծառաներու նահատակութիւնը միահիւսուած է Հայոց Ցեղասպանութեան հետ, որ արձանագրեց նաեւ այլ ծէսերու քրիստոնեաներու կոտորածներ։» Այս մասին նշուած է Սուրբերու դատի ժողովի պատշօնական կայքին վրայ երկու նահատակներու երանացման հրամանգիրին վերաբերեալ հրապարակած տեղեկագիրին մէջ։  

Երանելի պիտի հռչակուին նաեւ Մարիա Լորենցա Ռէքուէնսէս Ին Լոնկօ։ Իտալացի քոյր Մարիա հիմնած է աղքատներուն համար եւ անդարմանելի հիւանդութիւններու բուժարան մը։ Վախճանած է 21 դեկտեմբեր 1539 թուականին։  

Աստուծոյ Աղախին Էլիսապեթա Չցաքա։ Ծնած է Լեհաստան՝ 22 հոկտեմբեր 1876ին, վախճանած է 1961ին։

Աստուծոյ ծառայ Լուիճի Լենզինի, որ եղած է կղերական մը որ իր հաւատքին համար ատելութեամբ սնաննուեցաւ Իտալիոյ մէջ՝ 1945ին։

Աստուծոյ աղախին Իզապելլա Քրիսթինա Մրատ Քամփոս։ Ան աշխարհական մըն էր,  որ իր հաւատքին համար ատելութեամբ սպաննուեցաւ 1982ին Պրազիլի մէջ։

Աստուծոյ ծառայ Ռոպերթօ Ճովաննի եւ Աստուծոյ աղախին մարիա Թերեզա Տէլ Քուորէ Տի Ժէզու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2020, 10:46