Ֆրանչիսկոս Պապ տարեցներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ տարեցներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Փերույի մէջ «Հրաշքներու Տէր» սրբապատկերին նուիրուած տօնին առիթով։

332 տարի ի վեր Փերույի մէջ տեղի կ՝ունենայ «Հրաշքներու Տէր» սրբապատկերին աւանդական թափօրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, հոկտեմբեր 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղեց Փերույի Լիմա թեմի Արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Քարլոս Քասթիլլօ Մաթթասոլիոյին, Փերուի մէջ «Հրաշքներու Տէր» սրբապատկերին  տօնին առթիւ,  որ կը սկիզբ կ՝առնէ հոկտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթ օրը։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ կը միանայ «Հրաշքներուն Տէր» սրբապատկերի տօնին առթիւ կազմակերպուած աւանդական թափօրին, որ  այս տարի տեղի պիտի ունենայ առցանց եւ կը միանայ Փերուի եպիկսոպոսներուն ու Աստուծոյ ժողովուրդին աղօթքին, հայցելով Աստուծոյ ողորմածութիւնը ու համաճարակի դադրեցումը, որ խոցած է նաեւ այդ սիրելի երկիրը։

«Լիմայի եւ Փերույի բոլոր անկիւնները, հոկտեմբեր ամիսը նշուած է հրաշքներու տիրոջ սրբապատկերին ջերմեռանդութեամբ։ Խաչեալ Քրիստոսը՝ անշարժացած խաչին վրայ, ոչ թէ քամերուն պատճառաւ այլ իր անսահման սիրոյն համար, որ ամենէն գեղեցիկ փաստն է Աստուծոյ սիրոյն Փերույի ժողովուրդին հանդէպ ։գրած է ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ աւելցնելով, որ 332 տարիէ ի վեր, Աստուծոյ ժողովուրդը՝ միացած իր հովիւներուն, մեծ ջերմեռանդութեամբ եւ յոյսով կը կրեն խաչը, մայրաքաղաքին բոլոր ուղիներուն վրայ։ Այս տարի սակայն թափօրը պիտի չկատարուի ճանապարհներու վրայ, սակայն այդսմէկը արգելք պիտի չհանդիսանայ որ Տիրոջ հրաշքը հասնի հազարաւոր սիրտերուն, որոնք կը հաւատան թէ Աստուած մարդեղացաւ եւ կը շարունակէ ընթանալ իր եղբայրներու եւ քոյրերու հետ, անոնց տառապանքի ուղիին վրայէն ու կը կիսէ  բոլորին վիշտը, յատկապէս աղքատներունը մեկուսացեալներուն, բացառուածներունը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի աւարտին իր աղօթքն ու հոգեւոր մօտիկութիւնը ապահովուեցուց, յանձնելով  Փերուի ժողովուրդը Հրաշքներու տիրոջ եւ Տիրամօր հովանիին,  Ան ապա փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

«Հրաշքներու Տէր» սրբապատկերը
«Հրաշքներու Տէր» սրբապատկերը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2020, 10:04