Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սուրբ Պետրոս» շրջանի անվտանգութեան ապահովման Իտալացի խումբ մը ոստիկաններ։

Աստուած միշտ ականատես է եւ չմոռնար ոստիկաններուն կատարած աշխատանքը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, հոկտեմբեր, 17ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Սուրբ Պետրոս շրջանի անվտանգութեան ապահովման խումբ մը ոստիկաններ ու անոնց ընկերացող հրամանատարը։

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, Իտալական ոստիկանութեան, Սուրբ Աթոռի մատուցած ծառայութեան համար, համագործակցութեամբ, Վատիկանի անվտանգութեան ոստիկաններուն հետ։

Նորին Սրբութիւնը բարձր արժեւորեց  Իտալացի  ոստիկաններուն, Վատիկան քաղաքի շրջակայքի մէջ տածած անգնահատելի աշխատանքը նշելով թէ անոնք կը նպաստեն ձեռնակներուն խաղաղ իրագործման, ուր տարիներուն հոլովոյթին աշխարհի բոլոր անկիւններէն կը ժամանեն հազարաւոր ուխտաւորներ։

Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, թէ ոստիկաններուն արհեստավարժութեան եւ պատասխանատուութեան վկայութիւնը կ՝ամրապնդէ զօրակցութեան իմաստը ընկերային հասարակութեան ներքեւ։ Ան նկատել տուաւ, որ Աստուած միշտ ականատես է եւ չմոռնար ոստիկաններուն կատարած աշխատանքը նոյնիսկ եթէ երբեմն  անտեսուած են պատասխանատուներու կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ոստիկանները դառնալու պատասխանատու քաղաքացիութեան ռահվիրաներ, կեանքի իրաւունքի պահապաններ, մարդու անվտանգութեան պարտաւորութիւններուն միջոցաւ։
Ան  մաղթեց, որ ոստիկաններուն հաւատքը, հաւատարմութեան, վեհանձնութեան ժառանգած աւանդութիւնը, ոստիկանութեան իտէալները միշտ խթան հանդիսանան , կեանքի մէջ յառաջ ընթանալու

Նորին Սրբութիւնը ճառը աւարտեց Հայցելով Սուրբ Հոգիէն որ զեղու իր պարգեւները ոստիկաններուն վրայ,  ապա յանձնելով Տիրամօր մայրական հովաննին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2020, 11:37