Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ըրաւ Քամերունի մէջ բարբարոսական արարքները դադրեցման ի խնդիր

Սրբազան Պապը իր ցաւն ու վրդովմունքը յայտնեց Քամերունի Քումպա քաղաքին մէջ սպաննուած աշակերտներուն ի լուր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կոչ ըրաւ, որուն մէջ իր ցաւն ու վրդովմունքը յայտնեց Քամերունի Քումպա քաղաքին մէջ սպաննուած աշակերտներուն ի լուր։

Ունկնդրէ լուրը

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

«Կը միանամ աշակերտներու ընտանիքներուն ցաւին, որոնք բարբարոսաբար սպաննուեցան անցեալ շաբաթ Քամերուն Քումպա քաղաքին մէջ։»

Ան ապա իր վրդովմունքը յայտնեց այդ «դաժան ու անիմաստ արարքին վերաբերեալ, որ «խլեց անմեղ փոքրիկներուն կեանքը մինչ՝ դպրոցի մէջ կը հետեւէին դասերուն։ Թող Աստուած լուսաւորէ սիրտերը, որպէսզի նման ժէսթեր երբեք չկրկնուին եւ երկրի հիւսիս-արևմուտքը և հարաւ-արևմուտքը վերջապէս գտնեն խաղաղութիւնը։ Կը մաղթեմ, որ զէնքերը լուռ մնան  եւ բոլորին անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ  իւրաքանչիւր երիտասարդին կրթութեան եւ ապագայի  իրաւունքը երաշխաւորուի։» 

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչին աւարտին իր գորովը յայտնելով  Քումպա քաղաքի եւ Համայն Քամերունի ընտանիքներուն, Աստուծոյ մխիթարութիւնը հայցեց բոլորին վրայ,  որ «միայն Աստուած է որ կու տայ» ըսաւ Ան։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2020, 10:01