Անօթութեան ողբերգութիւնր Անօթութեան ողբերգութիւնր 

Ֆրանչիսկոս Պապին սնունդի միջազգային օրուան առթիւ լսատեսողական պատգամը։

«Մարդկութեան համար անօթութիւնը ոչ միայն աղէտ է այլեւ ամօթխածութիւն։ Անօթութեան մեծ մասը հետեւանքն է, երկիր մոլորակի պտուղներու անհաւասար բաշխումին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, հոկտեմբեր, 16-ին, սնունդի միջազգային օրուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց ՄԱԿ-ի պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնն ու կազմակերպութեան անդամները։

Ունկնդրէ լուրը

Ան ապա բարձր  գնահատեց ՄԱԿ-ի պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան առաքելութիւնը, որուն նպատակն է  յաղթահարել անօթութիւնը, սնունդի անապահովութիւնը  եւ թերասնունդը։ ըսաւ Ան
Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ սնունդի համաշխարհային օրուան այս տարուան նիւթին «մշակել, կերակրել, պահպանել եւ այս մէկը միասին։ Մեր գործողութիւնները մեր ապագան են»։
«Այս նիւթը կ՝ընդգծէ համատեղ եւ ամուր կամքով գործելու անհրաժեշտութիւնը, նախաձեռնութիւններ յառաջ բերելու համար, որոնք կը բարելաւեն մեր շրջակայ միջավայրը եւ  բազմաթիւ անձերուն եւ ժողովուրդներուն յոյսը»։ Ըսաւ Սրբազան հայրը աւելցնելով 75 տարիներուն ընթացքի , FAO- ը իմացած է որ սննդամթերք արտադրելը բաւարար չէ, կարեւոր է նաեւ ապահովուել, որ սնունդի համակարգերը կայուն, առողջ ու մատչելի ըլլան , առաջարկելով բոլորին համար սննդականոն։»

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած  ներկայ համաշխարհային առողջապահական տագնապին, ընդգծելով կարեւորութիւնը՝ աջակցելու ՖԱՕ-ի կողմէ ձեռնարկուած ծրագիրներուն , զարգացնելու համար կայուն եւ բազմատեսակ հողագործութիւնը,  զօրակցելով նաեւ հողագործութեամբ զբաղող  փոքր հասարակութիւններուն։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  ապա շեշտեց, որ աշխարհի մէջ անօթիներու թիւը զգալի կերպով աճածէ

«Մարդկութեան համար անօթութիւնը ոչ միայն աղէտ է այլեւ ամօթխածութիւն։ Անօթութեան մեծ մասը հետեւանքն է, երկիր մոլորակի պտուղներու անհաւասար բաշխումին,  որուն աւելցուած նաեւ հողագործութեան ոլորտէն ներս ներդրում կատարելու նուազումը, կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքները, եւ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւնները։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով  սննդամթերքի մսխումին նշեց«Միւս կողմէ  սննդամթերք կը նետուին։ Այդ իրականութեան դիմաց չէ կարելի անզգոյշ կամ անդամալոյծ մնալ։ Մենք բոլորս պատասխանատուներ են։ Ներկայի ճգնաժամը ցոյց կու տայ որ անհրաժեշտ են շօշափելի գործողութիւններ, աշխարհի մէջ անօթութիւնը արմատախիլ ընելու համար։Երբեմն բարբառային կամ գաղափարական քննարկումները մեզ կը հեռացնեն այդ նպատակին հասնելու և թոյլ  կու տան որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը շարունակեն  մահանալ՝ սննդի պակասէն։:

Համարձակ քաջ որոշում պիտի ըլլար,հիմնել համաշխարհային հիմնադրամ մը՝  զէնքի եւ այլ ռազմական ծախսերու համար օգտագործուող գումարներով, անօթութիւնը մշտապէս վերացնելու եւ ամենաղքատ երկիրներու զարգացումին   նպաստելու համար։ Այս ձեւով խուսափած կ՝ըլլանք  շատ մը պատերազմներէ, եւ մեր եղբայրներուն ու անոնց ընտանիքներուն արտագաղթէն, որոնք  ստիպուած են լքել իրենց տուներն ու երկիրները աւելի արժանավայել կեանք փնտռելու համար։ Fratelli tutti  189 e 262).

Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամի աւարտին  մաղթեց, որ ՖԱՕ բոլոր գործունէութիւններ միշտ արդիւնաւէտ ըլլան, ան ապա Աստուծային օրհնութիւնները հայցեց ՖԱՕ տնօրէնին եւ բոլոր անոնց վրայ որոնք կը գործակցին  մշակելու երկիրը, սնանելու անօթիները, պահպանելու բնական հարստութիւնները, որպէսզի բոլորս կարենանք  արժանավայել, յարգալից  սիրով ապրիլ։ ըսաւ Սրբազան Հայրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2020, 14:51