Կլիմայական փոփոխութիւններու նուիրուած առցանց ձեռնարկ Կլիմայական փոփոխութիւններու նուիրուած առցանց ձեռնարկ 

«Պէտք է ընտրանք կատարենք քանի դեռ ուշ չէ» Ֆրանչիսկոս Պապը կլիմայական ճգնաժամի մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը « TED» կազմակերպութեան կազակերպած «Countdown» թուային ձեռնարկին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ներկայ տնտեսական համակարգը անկայուն է եւ կը գտնուինք բարոյական հրամայականի մը դիմաց ու հրատապ մէկ գործողութեան անհրաժեշտութեան դիմաց՝ վերամտածել շատ մը բաներ. ինչպէս կ՛արտադրենք, ինչպէս կը սպառենք, մտածել մեր մսխումի մշակոյթի մասին,   կարճաժամկէտ տեսլականին, աղքատներու շահագործման, անոնց նկատմամբ անտարբերութեան, անհաւասարութիւններու աճումին, ուժանիւթի վնասակար աղբիւրներէ կախուածութեան մասին»։ Խօսքեր են ասոնք զոր Նորին Սրբութիւնը արտասանեց  «Countdown» թուային ձեռնարկի մասնակիցներուն, զոր կազմակերպուած է « TED» կազմակերպութեան կողմէ, անմիջական լուծումներ որոնելու համար կլիմայական տագնապին։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը ներկայ դժուար ժամանակը կ՛որակէ համաճարակի եւ ընկերա-բնապահպանական ճգնաժամ։  Այս  մէկը մեզ կը դնէ ընտրութեան մը պարտաւորութեան դիմաց։ Ընտրել այն ինչ որ արժէքաւոր է, եւ ինչ որ անարժէք է։ Ընտրել՝ շարունակել անտեսել աղքատներուն տառապանքները ու չարաշահել մեր հասարակաց տունը՝ Երկիրը եւ կամ յանձնառու ըլլալ փսխելու մեր գործելակերպը բոլոր մակարդակներու վրայ»։

Քահանայապետը ապա շեշտեց միասնական գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը կանխելու համար գալիք աղէտները, եւ ակնարկեց տնտեսութեան, հաստատելով՝ թէ ան չի կրնար սահմանուիլ միայն արտադրութեան եւ բաշխումին։ «Պէտք է անպայման նկատի առնէ շրջակայ միջավայրը  եւ մարդու արժանապատուութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը պահանջելով «ստեղծագործական տնտեսութիւն մը» եւ առաջարկելով «արարքներու փոփոխութիւն», նպատակ ունենալով «յառաջիկայ տասը տարիներուն ընթացքին կառուցել աշխարհ մը, որ համապատասխանէ ներկայ սերունդի պահանջներուն, ներառելով բոլորը, առանց սակայն վտանգելու ապագայ սերունդներուն կարելիութիւնները» ։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հրաւէր կ՛ուղղէ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ու բոլոր բարրի կամք ունեցող մարդոց «սկիզբ տալու այս ճանապարհորդութեան»... որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը կարող է «իմաստալից կերպով սատարել» այդ ուղղութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը կը մէջբերէ ապա «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականը ու կը ներկայացնէ գործնական առաջարկներ. Առաջինը՝ խթանել բոլոր մակարդակներու վրայ կրթութիւն մը, որ կը հայի հասարակաց տան խնամքին, զարգացնելով հասկացողութիւն մը, թէ շրջակայ միջավայրի հարցերը կախուած են մարդկային կարիքներուն, կրթութիւն մը՝ որ հիմնուած ըլլայ գիտական տուեալներու վրայ եւ բարոյական մօտեցումի վրայ»։

Երկրորդ առաջարկին մէջ Քահանայապետը կը խօսի ջուրի եւ սնունդի մասին, ակնարկելով ջուրի ու անոր բոլորի հասանելիութեան իրաւունքին ինչպէս նաեւ բոլորի համար պատշաճ սնունդի երաշխաւորման ոչ կործանարար գիւղատնտեսական մեթոդներու միջոցաւ, որ պէտք է դառնայ սննդի արտադրութեան և բաշխման հիմնարար նպատակը »:

Երրորդ առաջարկը կը հայի ուժանիւթին հանածոյ վառելանիւթերը փոխարինել մաքուր ուժանիւթի աղբիւրներով։ Շատ քիչ ժամանակ ունինք այս մէլը ընելու համար ու այս անցումը պէտք է ըլլայ ոչ միայն արագ եւ կարող բաւարարելու ուժանիւթի ներկայ և ապագայ կարիքները այլ և պէտք է ուշադիր ըլլայ աղքատներուն, տեղական բնակչութեան և անոնց  ուժանիւթի արտադրութեան ոլորտներու մէջ գործող ազդեցութիւններուն»:

Քահանայապետը ապա ընդգծեց թէ  «այս փոփոխութիւնը խրախուսելու միջոցներէն մին այն է՝   ձեռնարկատիրութիւնները առաջնորդել՝  դէպի հասարակաց տան ամբողջական խնամքի պարտաւորութիւնը ստանձնելու անյապաղ անհրաժեշտութեան,   ներդրումներէն  բացառելով բոլոր այն ընկերութիւնները, որոնք չեն համապատասխաներ  համապարփակ բնապահպանութեան եւ  պարգևատրելով անոնք՝ որոնք այս անցումային փուլի ընթացքին գործնականօրէն յանձնառու են իրենց գործունէութեան որպէս կեդրոն ընտրելու յառաչափներ ինչպէս են   կայունութիւնը, ընկերային  արդարութիւնը և հասարակական բարիքի խթանումը»:

Հողատարածքը, պէտք է մշակուի, խնամուի և պաշտպանուի. մենք չենք կրնար  շարունակել զայն ճզմել նարինջի նման: Եւ մենք կարող ենք ըսել, «հողը խնամելը, մարդու իրաւունք է»: Եւ «մեզմէ իւրաքանչիւրը կարող է թանկագին դեր մը ունենալ, եթէ բոլորս միասին ուղեւորութեան մէջ կը դնենք մենք զմեզ՝ այսօր, ոչ թէ  վաղը. Որովհետեւ  ապագան կը կառուցուի այսօր և կառուցուի  ոչ թէ միայնակ, այլ հասարակութեամբ  և ներդաշնակութեամբ »:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2020, 09:00