Ֆրանչիսկոս Պապն ու կիները Ֆրանչիսկոս Պապն ու կիները 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը՝ Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի կանանց յանձնախումբին։

Ֆրանչիսկոս Պապը կիներուն կը մաղթէ ըլլալ խաղաղութեան եւ վերանորոգումի կրողները։ Ըլլալ ներկայութիւն որ խոնարհութեամբ եւ քաջութեամբ գիտնայ հասկնալ եւ ընկալել նորութիւնները եւ խթանել յոյս, եղբայրութեան վրայ հիմնուած աշխարհի մը մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած՝ «Կիները կը կարդան Ֆրանչիսկոս Պապը. ընթերցում, խոկում եւ երաժշտութիւն» խորագիրով շարք մը հանդիպումներէն բաղկացած ուսումնաժողովին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը յղած է Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի կանանց յանձնախումբին, մատնանշելով անոնց Հռոմի Քուրիայի ծիրէն ներս յատուկ դերակատարութեան։

«Ձեր խորհուրդը կազմուած է ընկերային կեանքի զանազան որոտներէն ներս յանձնառու եւ աշխարհի մշակութային ու կրօնական տարբեր տեսլականներու տէր կիներէ, որոնք կը մերձենան համատեղ աշխատանքի  եւ փոխադարձ յարգանքի նպատակին» կը գրէ Սրբազան Պապը, ակնարկելով անոնց ընտրած Քահանայապետի գրութիւններու ընթերցանութիւններու երեք ուղեւորութիւններուն. «Աւետարանի ուրախութիւնը», «Գովեալ ըլլասը» եւ «Համաշխարհային խաղաղութեան ու միասնական համակեցութեան մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը»։  «Գրութիւններ որոնք նուիրուած են՝ աւետարանութեան, արարչութեան եւ եղբայրութեան նիւթերուն», կը նշէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, մատնանշելով նաեւ ուսումնաժողովի պաշտպան սուրբ Սրբուհի Իլլեկարտա Պինկէնին, որ իր գիտական ճանաչումը միացուած էր հոգեւորականութեան։

Ան  կոտրեց իր ժամանակի կաղապարը, որ կիներուն թոյլ չէր տար սորուիլ եւ գրադարան յաճախել , և որպէս վանամայր ՝ ան այդ իրաւունքը  խնդրեց նաեւ իր  միաբանակից  քոյրերուն համար:

«Այժմ դուք եւս ձեր այս հանդիպումով կ՛ուզէք երկխօսութիւնը ստեղծել ընդմէջ բանականութեան եւ հոգեւորականութեան, ընդմէջ միութեան եւ տարբերութեան, ընդմէջ երաժշտութեան ու ծէսին, հիմնական մէկ նպատակով մը՝ տիեզերական բարեկամութիւնն ու վստահութիւնը» կը գրէ ապա Սրբազան Պապը նկատել տալով, որ անոնց ընթերցանութեան ուղեւորութիւնը կարող է իրօրինակ տեսլական մը առաջարկել ընկերային  և մշակութային առճակատման թեմայի շուրջ, որպէս խաղաղութեան ի նպաստ ներդրում , «որովհետեւ կիները ունին պարգեւը՝  բերելու այնպիսի իմաստութիւն, որ գիտէ ինչպէս բուժել վէրքերը, ներել, նորէն յօրինել և վերանորոգել»:

Փրկութեան պատմութեան մէջ կին մը եղաւ Բանը ընկալողը եւ կիներն են որոնք կը պահպանեն հաւատքին ջահը, խաւար գիշերուան մէջ, սպասելով եւ հռչակելով Յարութիւնը։

«Կիները դերակատարներն են դէպի դուրս եկեղեցւոյ մը. Ունկնդրութիւն, խոկում, եւ սիրալիր ներգործութիւն, ասոնք են արդարեւ բաղկացուցիչ տարրերը ուրախութեան մը, որ կը նորոգուի եւ կը հաղորդուի  ուրիշներուն ՝ կանանց հայեացքի միջոցով, ստեղծագործութեան հոգատարութեան, աւելի արդար աշխարհի ստեղծումին, տարբերութիւնները յարգող և գնահատող երկխօսութեան ստեղծման մէջ»  կը գրէ  հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու պատգամը կ՛աւարտէ կիներուն մաղթելով ըլլալ խաղաղութեան եւ վերանորոգումի կրողները։ Ըլլալ ներկայութիւն, որ խոնարհութեամբ եւ քաջութեամբ գիտնայ հասկնալ եւ ընկալել նորութիւնները եւ խթանել յոյս, եղբայրութեան վրայ հիմնուած աշխարհի մը մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2020, 11:56