Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն հետ - Լեհաստան ԵՀՕ Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն հետ - Լեհաստան ԵՀՕ 

Քահանայապետը դարձեալ կ՛անդրադառնայ Կրթութեան համընդհանուր պայմանագիրին։

15 հոկտեմբերին Լատերանի համալսարանի մէջ նախատեսուած ձեռնարկի մը ընթացքին պիտի ցուցադրուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը հայող Կրթութեան համընդհանուր պայմանագիրին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը դարձեալ կ՛անդրադառնալ կրթութեան հարցի մասին, որ  իր վարդապետութեան և աշխարհի հետ երկխօսութեան կեդրոնական մասն է: Ան այս մէկը պիտի կատարէ  յառաջիկայ  հինգշաբթի, հոկտեմբերի 15-ին, ժամը 14.30-ին `տեսաուղերձով մը, որուն աւարտին Ան բարի կամքի ունեցող բոլոր մարդոց պիտի առաջարկէ անդամակցիլ «Կրթութեան համընդհանուր պայմանագիրին»,  դաշնագիր մը  փոփոխութիւն յառաջացնելու մոլորակային գետնի վրայ, որպէսզի կրթութիւնը ըլլայ եղբայրութեան, խաղաղութեան և արդարութեան ստեղծողը: Հրատապ անհրաժեշտութիւն մը՝ յատկապէս համաճարակով յատկանշուած մեր այս ժամանակահատուածի ընթացքին։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետի լսատեսողական պատգամը պիտի սփռուի Լատերանեան Քահանայապետական Համալսարանի մէջ տեղի ունենալիք մէկ ձեռնարկի ընթացքին, որ կազմակերպուած է Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կողմէ եւ նուիրուած յատկապէս ակադեմիական աշխարհին եւ որուն կարելի է հետեւիլ Վատիկան Նիուզի «Եութուպ»ի կայանէն ինչպէս նաեւ Վատիկան Մետիայի կայաններէն։

Քահանայապետին խօսքերը հուսկ պիտի մեկնաբանուին հեռակապով կապ հաստատած Եունեսքօ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլայի կողմէ, եւ Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի պատասխանատու՝ Կարդինալ Ճուզեփփէ Վերսալտի եւ Անճելօ Վինչենցօ Զանի Արքեպիսկոպոսի կողմէ։

Հանդիպումին կը մասնակցին այլ ակադեմիական անձնաւորութիւններ հուսկ երիտասարդ ուսանողներ։

Հաւաքը կը ներկայացնէ եւ կը համադրէ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթին Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագրութեան փոխ տնօրէնը։

15 Հոկտեմբերի հանդիպումը ընկալումն է Ֆրանչիսկոս Պապին 12 սեպտեմբեր 2019-ի կոչին «Կարիքը կայ միացնելու ուժերը ու ծնունդ տալու կրթական պայմանագիրի մը եւ ասոր համար կ՛ուզեմ ձեզի հետ հանդիպիլ Հռոմի մէջ»։

Քովիտ16 համաճարակը ստիպեց ջնջել Վատիկանի մէջ նախատեսուած ձեռնարկը բայց ոչ անոր ծրագրաւորումը։ Արդարեւ այս ամիսներուն աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ կազմակերպուեցան՝ 70է աւելի դաստիարակչական փորձառութիւններ, ներշնչուած Պայմանագիրին նիւթերէն. Արժանապատուութիւնը եւ մարդկային իրաւունքը, խաղաղութիւնն ու քաղաքացիութիւնը, համապարփակ բնապահպանութիւնը, եղբայրութիւնն ու զարգացումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2020, 07:40