Ֆրանչիսկոս Պապը Ասսիզիի մէջ ստորագրեց «Fratelli tutti» իր Քահանայապետութեան երրորդ շրջաբերական թուղթը։

3 Հոկտեմբերի 2020-ին Սրբազան Քահանայապետը Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի դամբանին մօտ ստորագրեց ապա իր քահանայապետութեան երրորդ շրջաբերական թուղթը, որուն բնաբանն է ինչպէս ըսինք “Fratelli tutti”, ի նպաստ եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 3 հոկտեմբերին, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Ասսիզի քաղաքը, ուր յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Իտալիոյ Պաշտպան սուրբի դամբանին վրայ մատոյց սուրբ պատարագ, որուն իրենց մասնակցութիւնը  բերին, Սրբազան Քահանայապետին խնդրանքով եւ առողջապահական արտակարգ իրավիճակին բերումով,  միայն Ֆրսնչիսկեան Վանքին վանահայրերը։

Այս չորրորդ անգման էր որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կ՛այցելէր Ասսիզին։ Առաջինը տեղի ունեցաւ 4 հոկտեմբեր 2013-ին, իր ընտրութենէն մի քանի ամիսներ ետք։ Երկրորդը 2016-ի  օգոստոս 2-ին եւ երրորդը նոյն տարուայ սեպտեմբերի 20-ին՝ Վոյթիլա Քահանայապետի խաղաղութեան  ի սպաս պատմական միջ կրօնական աղօթքի երեսուն ամեակին առիթով։

Առաջին Քահանայապետը որ Ասսիզիի մէջ կը տորագրէ շրջաբերական մը։ 

Քահանայապետը, որ պատմութեան մէջ առաջինն է, որ ընտրեց Ասսիզիի աղքատիկին անունը, յատուկ կապ ունի սուրբին քաղաքին ու սրբավայրին հետ եւ առաջին քահանայապետն է՝ որ այդ վայրին մէջ կը ստորագրէ շրջաբերական մը։

Շրջաբերական թուղթը նամակ մըն է, զոր Քահանայապետը կ՛ուղարկէ եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ անոնց միջոցաւ բոլոր հաւատացեալներուն եւ կը պարունակէ  հովուական պատգամ մը։ Ան ցոյց կու տայ  մարդկութիւնը յուզող կարեւորագոյն հարցերու վերաբերող ուղին։  Ասիկա Քահանայապետին երրորդ շրջաբերականն է, որուն տիտղոսը կը մնայ իտալերէն  «Fratelli tutti» առանց թարգմանութեան, մինչ ենթատիտղոսն է «Եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան համար»։

Քահանայապետի առաջին երկու շրջաբերականները

Սրբազան Պապին առաջին շրջաբերականը հրապարակուած էր 5 Յուլիս 2013-ին «Հաւատքի լոյս» վերտառութեամբ'', որ  ինչպէս կը բացատրէ նոյնինքն ֆրանչիսկոս Պապը շրջաբերականի  ներածականին մէջ,  գրեթէ ամբողջութեամբ շարադրուած էր իրեն նախորդ՝ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ, մինչ ինք աւեցուցած է հատուած մը՝ ''լրացուցիչ ներդրումներ'' վերտառութեամբ։ Սոյն շրջաբերական թուղթի նպատակն է վերագտնել հաւատքը բնորոշող լոյսը, որ կարող է լուսաւորել համայն մարդկային էութիւնը։
«Ով որ կը հաւատայ միայնակ չէ, որովհետեւ հաւատքը հասարակաց բարիք մըն է, որ կ՛օժանդակէ կերտելու մեր ընկերութիւնները, յոյս ներշնչելով։ Այս է ''Հաւատքի Լոյս - Lumen fidei'' շրջաբերական թուղթի կեդրոնական իմաստը։

Քահանայապետի երկրորդ շրջաբերականը ապա «‘Laudato sì – Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական թուղթն է,  որ լոյս տեսաւ 24 մայիս 2015-ին։  Հռչակագիր մը՝ բնապահպանութեան ի նպաստ, ի տես մոլորակի ապրած ճգնաժամին, բնական աղէտներուն, ապականումին, որոնք կը սպառնան մայր հողին, հասարակաց տան ու նաեւ մարդուն։ Այս շրջաբերական թուղթին կէտնպատակն է նպաստել ոչ միայն բնապահպանութեան հարցին այլեւ մարդկային կենսոլորտի բարելաւման` պաշտպանելով անոր հոգեւոր, բարոյական եւ կրօնական բոլոր արժէքները։

«Fratelli tutti» շրջաբերականը

3 Հոկտեմբեր 2020-ին Սրբազան Քահանայապետը Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի դամբանին մօտ ստորագրեց ապա իր Քահանայապետութեան երրորդ շրջաբերական թուղթը, որուն բնաբանն է ինչպէս ըսինք  “Fratelli tutti”, ի նպաստ եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան։

Նախ քան շրջաբերականը ստորագրելը Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց հետեւեալ խօսքերը. «Այժմ պիտի ստորագրեմ շրջաբերականը զոր խորան պիտի բերէ գերապայծառ Փաոլօ Պրայտան, որ թարգմանութիւններու պատասխանատուն է ու նաեւ Քահանայապետի ճառերուն պատասխանատուն, Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարութեան առաջին բաժանմունքէն։ Ինքն է՝  որ կը հսկէ ամէն ինչի վրայ եւ ասոր համար է, որ ուզեցի որ ան ներկայ ըլլայ այստեղ այսօր, ու ինք բերէ շրջաբերականը։ Անոր հետ եկած են նաեւ այլ երկու թարգմանիչներ Հայր Անտոնը փորթուկալական լեզուի թարգմանիչ,  որ  թարգմանեց սպաներէն բնագիրը եւ Հայր Քրուզը,  որ սպանացի է եւ վերահսկեց միւս բոլոր թարգմանութիւններուն վրայ։ Ասիկա կ՛ընեմ որպէս երախտագիտութեան նշան Պետական Քարտուղարութեան առաջին բաժանմունքին,  որ աշխատեցաւ այս թուղթի շարադրութեան եւ թարգմանութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2020, 15:54