Ասսիզիի սրբավայրը Ասսիզիի սրբավայրը 

Ֆրանչիսկոս Պապը Ասսիզիի մէջ պիտի ստորագրէ իր երրորդ շրջաբերականը նուիրուած «Եղբայրութեան»։

Այս առաջին անգամն է՝ որ Քահանայապետ մը Վատիկանէն դուրս ելլելով կը ստորագրէ շրջաբերական մը։ Քահանայապետը որ կը կրէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին անունը, իր այս արարքով կ՛ուզէ դարձեալ շեշտել Ասսիզացիի սուրբին «եղբայրութեան» պատգամը եւ ասոր համար է որ շրջաբերականի որպէս բնաբան ընտրած է աղքատիկ սուրբէն քաղուած բառեր «“Fratelli tutti”։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 3 հոկտեմբերի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Ասսիզիի Վանքը ուր Ասսիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի դամփանին մօտ պիտի գլխաւորէ Սուրբ պատարագը, որուն աւարտին նոյն վայրին մէջ պիտի ստորագրէ “Fratelli tutti” շրջաբերականը նուիրուած՝ եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան։ Առողջապահական արտակարգ իրավիճակին ի տես Քահանայապետը խնդրած է որ այցելութիւնը կատարուի «առանձնական» հանգամանքով, առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։

Այս առաջին անգամն է՝ որ Քահանայապետ մը  Վատիկանէն դուրս ելլելով կը ստորագրէ շրջաբերական մը։ Քահանայապետը, որ կը կրէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին անունը, իր այս արարքով կ՛ուզէ  դարձեալ շեշտել Ասսիզացիի սուրբին «եղբայրութեան»  պատգամը եւ ասոր համար է որ շրջաբերականի որպէս բնաբան ընտրած է աղքատիկ սուրբէն քաղուած բառեր «“Fratelli tutti”։

Քահանայապետի շրջաբերականի մասին արտայայտուելով Միլան թեմին օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Փաոլօ Մարթինելլի նշած է թէ շրջաբերականին Ասսիզիի մէջ ստորագրութիւնը նշան է շարժումի մէջ եկեղեցւոյ, վայրը ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը սկիզբ տուաւ հոգեւոր կեանքի մը փորձառութեան, որուն առանցքը կը կազմէ մեզ բոլորս իրար եղբայրներ եւ քոյրեր ճանչնալը։

Մինչ Յիսուսեան Հայր Լուիճի Թերրիթօ հաստատեց  թէ Քահանայապետը իր այս արարքով կ՛ուզէ արժեւորել «դէպի դուրս եկեղեցի»ի իր գաղափարը, Ան կարծես աշխարհին կ՛ուզէ ըսել՝ թէ հաւատքի փորձառութեան մէջ կայ վերացական եւ հոգեւոր առաջնահերթութիւն մը։ Ասսիզին կը ներկայացնէ այդ մէկը եւ ոչ միայն քրիստոսներուն համար։ Այնտեղ կայ սուրբի մը պատմական յիշողութիւնը, որ ապրեցաւ Աւետարանի փոքրերուն նման, ամբողջովին յանձնուելով Հօր եւ ասոր համար ճանչցուած է բոլորին եղբայր։

«Այս շրջաբերականը կարող է կնիքը ըլլալ խաղաղ համակեցութիւնը կերտելու կոչումին, ու Քահանայապետը կը հետապնդէ այդ ճանապարհը, կամուրջներ կառուցելու եւ երկխօսութեան հիման վրայ» նկատել կու տայ Հայր Թերրիթօ  հաստատելով՝ որ “Fratelli tutti” շրջաբերականը պիտի շարունակէ Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած մարդկային եղբայրութեան հայող փաստաթուղթի  ուղին, ներգրաւելով նեաւ այլ կրօններու պատասխանատուները։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2020, 11:20