Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց կիներու դերակատարութեան հարկաւորութիւնը, եւ յիշեց Քարլօ Աքութիսի երանացման արարողութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց նաեւ մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն ձեռնարկը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը 11 հոկտեմբերի Մարեմեան աղօթքի  աւարտին յատուկէն անդրադարձաւ Ասսիզիի մէջ երէկ Երանելիներու շարքին դասուած 15 ամեայ Քարլօ Աքութիսին որ՝ «սիրահարուած էր Սուրբ Հաղորդութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը, ակնարկելով նոր երանելիի աշխուժութեան եւ անոր վկայութեան, որ ամենատկարներուն մէջ կը տեսնէր Քրիստոսին դիմագիծը։ Քահանայապետը ապա նշեց՝ թէ անոր օրինակը այսօրուայ երիտասարդներուն ցոյց կու տայ, թէ իսկական երջանկութիւնը կը գտնենք երբ Աստուած կը դնենք առաջին տեղը, իրեն ծառայելով մեր եղբայրներուն մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա Հոկտեմբեր ամսուայ իր ընտրած աղօթքի դիտաւորութեան. «Աղօթենք որպէսզի աշխարհական հաւատացեալները ու յատկապէս կիները աւելիով մասնակցին  Եկեղեցւոյ պատասխանատուութեան կառոյցներուն»։

«Ոչ ոք մկրտուած է որպէս քահանայ կամ եպիսկոպոս, բոլորս ալ մկրտուած ենք որպէս աշխարական» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով՝ թէ  այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ ընդլայնելու տարածքները Եկեղեցւոյ մէջ իգական աւելի ազդեցիկ ներկայութեան մը համար, ինչպէս նաեւ աշխարհական ներկայութեան համար։ Պէտք է խթանենք կիներու ընդելուզումը կարեւոր որոշումներ առած կառոյցներու ներքոյ։ Աղօթենք, որպէսզի մկրտութեան առաքինութեամբ, աշխարհական հաւատացեալները, յատուկէն կիները, աւելիով մասնակցին եկեղեցւոյ պատասխանատուութեան կառոյցներուն,  առանց ենթարկուելու կղերապաշտութեան, որոնք կը վերացնեն աշխարհականութեան խարիզմը եւ կը խաթարեն Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ դիմագիծը»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ յառաջիկայ 18 հոկտեմբերին «տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան խաղաղութեան եւ միութեան ի նպաստ ձեռնարկին «մէկ միլիոն մանուկներ կ՛աղօթեն վարդարանը» խորագիրով։ «Կը քաջալերեմ այս ձեռնարկը, որ կը ներգրաւէ համայն աշխարհէն մանուկներ, որոնք յատկապէս պիտի աղօթեն համաճարակի ճգնաժամային կացութիւններուն համար», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հուսկ ողջունեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները ու անոնց մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2020, 12:47