Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին 

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց Արցախեան հակամարտութիւնը եւ դատապարտեց աղօթատեղիներու կործանումը։

Մասնակցութիւնս կ՛արտայայտեմ, մարդկային կորուստներու ցաւին, կրած տառապանքներուն, ինչպէս նաև տուներու ու աղօթատեղիներու կործանումին համար: Ես կ՛աղօթեմ և կը հրաւիրեմ աղօթել զոհերուն համար ու բոլոր անոնց համար որոնց կեանքը վտանգի մէջ է։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 11 հոկտեմբեր 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին յիշեց աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ բռնկուած մեծ հրդեհներու զոհերը, ապա յատուկ կոչ ուղղեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինադադարի վերահաստատումին ի տես ու մասնակցութիւն արտայայտեց մարդկային կեանքերու կորուստներուն համար եւ դատապարտեց աղօթատեղիներու կործանումը։

Ունկնդրէ լուրը

“«Ես բարձր գնահատեցի, Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև համաձայնուած մարդասիրական նկատառումներու համար հրադադարը, խաղաղութեան էական համաձայնութեան մը հանգելու նպատակով: Հակառակ որ ապացուցուեցաւ, թէ զինադադարը կը մնայ չափազանց փխրուն, ես կը խրախուսեմ դարձեալ դիմել անոր, եւ մասնակցութիւնս կ՛արտայայտեմ, մարդկային կորուստներու ցաւին, կրած տառապանքներուն, ինչպէս նաև տուներու ու աղօթատեղիներու կործանումին համար: Ես կ՛աղօթեմ և կը հրաւիրեմ աղօթել զոհերուն համար ու բոլոր անոնց համար որոնց կեանքը վտանգի մէջ է»”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2020, 12:51