Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը «խաղաղութեան համար կրօններու միջազգային աղօթքի» 34րդ  հանդիպումի առիթով։

Միայն մեր անձին մասին մտածելը, բոլոր բարիքներուն հայրն է։ Ֆրանչիսկոս Պապ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 20 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին, Հռոմի «Ara Coeli» տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ «Ոչ մէկը կը փրկուի առանցին. Եղբայրութիւն եւ խաղաղութիւն», բնաբանով Կրօններու խաղաղութեան համար միջազգային աղօթքի» 34րդ  հանդիպումը նախաձեռնութեամբ Սանդ էճիտիոյ հասարակութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթք հանդիպումի ներկայ գտնուեցան Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը Բարթողոմէոս Ա, քրիտսոնեայ քողր եկեղեցիներու պտագմաւորներ, որոնք շարքին նաեւ  Գերաշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, եւ իսլամ, հրեայ ու պուտիստ կրօններու ներկայացուցիչները։ 

Կրօններ խաղաղութեան ի սպաս աղօթք հանդպումին առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչսկիսկոս Պապ ողջունեց ներկաները ըսելով «միասին աղօթելը պարգեւ մըն է ։»

Ան ապա անդրադառնալով օրուան Աւետարանին, ուր կը խօսուի Յիսուսի խաչելութեան մասին, (Մարկ 15, 30)  նշեց,  մինչ՝ Յիսուս կ՝ապրի սիրոյ եւ ցաւի ամենէն մեծ պահը ,շատեր առանց գթութեան, Յիսուսին ըսին, «ազատէ ինքզինքդ»։  Այս մէկը ըսաւ Սրբազան հայրը փորձութիւն մըն է, որ բոլորիս կը հայի, փորձութիւն՝ մենք մեզի ազատելու  որ մարդկային բնազդն մըն  է, վերջին մարտահրաւէրը ուղղուած Խաչեալ Աստուծոյ։

«Ազատէ ինքզինքդ», առաջին ըսողները եղան, անոնք որոնք Յիսուսի մօտէն անցան. հասարակ ժողովուրդը, որ Յիսոսի խօսքերուն եւ գործերուն ականատես եղան։  Այդ ժողովուրդ չգթաց Յիսուսին վրայ, այլ հրաշքներ տենելու ցանկութիւն  ունեցաւ, տեսնելու թէ՝ ինչպէս Յիսուս խաչէն պիտի իջնէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիել տուաւ, որ թերեւս՝ մենք ալ երբեմն կը նախընտրենք հանդիսատես աստուած մը՝ քան կարեկցող Աստուած մը։ Կը նախընտենք  աշխարի աչքերուն առջեւ հզօր երեւցող Աստուած մը, որ իր ուժով կը պարտադրէ եւ կը յաղթէ անոնց դէմ, որոնք մեր գէշութիւնը կը ցանկանան։ Սակայն՝ ընդգծեց Սրբազան Հայրը անիկա Աստուած չէ, անիկա մեր «ես»ին աստուածն է, աւելցնելով, որ քանի անգամ կ՝ուզենք մեր չափով աստուած մը, մեզի նման աստուած նախըտնրելով «ես»ի երկրպագութիւնը փոխան Աստուծոյ երկրպագութեան։

«Ինքզինքդ ազատէ»։  Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Քահանայապետներն ու դպիրները Յիսուսը դատապարտեցին, որովհետեւ անոնց համար Յիսուս վտանգ մըն է, նկատել տալով, որ  բոլորս մենք մեզ փրկելու համար՝ ուրիշները խաչ հանելու մասնագէտներ ենք։ Կրօնապետները  Յիսուսը մեղադրեցին ուրիշներուն պատճառաւ։Անոնք ըսին. ուրիշները ազատեց այժմ անկարող է ինքզինք ազատելու։»

«Ինքզինդ ազատէ» աւետարանը, փրկութեան աւետարանը չէ։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը աւեցնելով որ դա ամենապիղծ աւետարանն է, որ  խաչերը կը դնէ ուրիշներու վրայ։ «Իսկական Աւետարանը ուրիշներուն խաչերը  կրելն է։»

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ որ նաեւ Յիսուսի հետ խաչեալները միացան Յիսուսի դէմ մղուած մարտահրաւէրին։  Ինչքան դիւրին է քննադատել, հակառակ խօսիլ, ուրիշին մէջ չարիք տեսնել,  քան մե մէջը,  նոյնիսկ յանցանքները վերագրելով տկարներուն, բացառուածներուն։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա քարոզը եզրափակեց նշելով որ Ժողովուրդը, կրօնապետերը Յիսուսը կը փնտռէին միայն իրենց հարցերը լուծելու համար։ Սակայն ընդգծեց Սրբազան Հայրը Աստուած չեկաւ մեզ ազատելու համար հարցերէն,,որոնք միշտ կը ներկայանան, այլ փրկելու համար իսկական խնդիրէն, որ է սիրոյ պակասը։ Այս է ամենէն մեծ պատճառը մեր անձնական, ընկերային, միջազգային հարցերուն։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ «Միայն մեր անձին մասին մտածելը բոլոր չարիքներուն հայրն է։»

«Սիրելի եղբայներ եւ քոյրեր, Գողգոթայի վրայ տեղի ունեցաւ մեծ մենամարտ մը ընդմէջ՝ Աստուած եկաւ մեզ փրկելու եւ մարդը որ կ՝ուզէ ինքզինք փրկել, Աստուծոյ հանդէպ հաւատքի եւ «ես» ի պաշտամունքի միջեւ։ Մեղադրող մարդու եւ ներող Աստուծոյ ընդմէջ։

ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց Խաչեալ Աստուծմէ հայցել միացած մնալու շնորհքը, յորդորելով որ երբ՝ փորձութեան մէջ ենք աշխարհի տրամաբանութեան հետեւելու, յիշենք Յիսուսին խօսքը։« Ով որ ուզէ իր անձը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով կորսնցնէ իր անձը ինծի եւ աւետարանինն համար՝ պիտի փրկէ զայն։»

Թող Տէրը օգնէ մեզի քալելու եղբայրութեան ուղիին վրայէն, իսկական Աստուծոյ հաւատաւոր վկաները դառնալու համար։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քարոզի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2020, 17:00