Գերապայծառ Փիցապալլա Գերապայծառ Փիցապալլա 

Ֆրանչիսկոս Պապ Երուսաղեմի լատինաց թեմի Պատրիարք անուանեց Գերապայծառ Փիերպաթիսթա Փիցապալլան։

Գերապայծառ  Փիերթպաթիսթա Փիցապալլան մինչեւ այսօր վարած է Երուսաղեմի Լատինաց  թեմի թափուր աթոռի առաքելական կառավարիչի պաշտօնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Երուսաղեմի լատինաց թեմին Պատրիարք անուանեց Գերապայծառ Փիերպաթիսթա Փիցապալլան ,որ մինչեւ որ այսօր վարած է Երուսաղեմի Լատինաց  թեմի թափուր աթոռի առաքելական կառավարիչի պաշտօնը։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Փիցապալլա ծնած է Իտալիոյ Պերկամօ քաղաքի մէջ՝ 21 ապրիլ 1965ին։ Ան մտած է Պոլոնիա քաղաքի նորընծայարան 1975 թուականին։ Աստուածաբանական եւ իմաստասիրական ուսումները աւարտելէ ետք քահանայ ձեռնադրուած է 15 սեպտեմբեր 1990ին, ձեռամբ Կարդինալ Ժագոմօ Պիֆիին։
                  
7 հոկտեմբեր 1990ին, սկսած է ծառայել Երուսաղեմի լատինաց պատրիարքութենէն ներս  միեւնոյն ժամանակ շարունակելով աստուածաբանական ուսումներու մասնագիտութիւնը Երուսաղեմի Ֆրանչիսկեաններու համալսարանէն ներս՝ դասաւանելով նաեւ եփրայերէն սուրբ Գիրքի լեզուն։ 

Սուրբ երկրի լատինաց թեմէն ներս տարբեր պաշտօններ վարել ետք 2004 ին, ֆրանչիսկեաններուն փոքրիկ եղբայրներու  միաբանութեան ընհդանուր ժողովի ընթացքին ընտրուած է Սուրբ երկրի եւ Սիոնի լերան պահակը,  պաշտօնավարելով մինչեւ 2016 թուական։

2016ին, ֆրանչիսկոս Պապին տնօրինումով անուանուած է Վերպէ թեմի տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս եւ առաքելական կառավարիչ Երուսաղեմի լատինաց թեմի  թափուր աթոռին։  10 սեպտեմբերին, եպիսկոպոս օծուած է Պերկամօ քաղաքի մայր տաճարին մէջ ձեռամբ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիին։ Ան անդամ է նաեւ արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին։

           

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2020, 12:17