Եւրոպական Միութեան դրօշակը Եւրոպական Միութեան դրօշակը 

Ֆրանչիսկոս Պապ.«երազս է որ Եւրոպական Միութիւնը դառնայ աջակցող եւ մարդոց բարեկամ։»

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Կարդինալ Փարոլինին, Սուրբ Աթոռի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ գործակցութեան 50 ամեակի առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի եւ Եւրոպական միութեան հաստատութիւններու միջեւ գործակցութեան 50-րդ ամեակի առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ նամակ մը յղեց Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին, որուն մէջ ընդհանուր անդրադարձ կատարելով Եւրոպայի՝ հին ցամաքամասի պատմութեան ու արժանիքներուն մաղթեց, որ ժամանակակից դժուարութիւններուն մէջ Եւրոպան գտնէ իր եղբայրութեան ուղին։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակիn մէջ նկատել տալով, որ Եւրոպան դարերու հոլովոյթին եղած է իտէալներուն դարբնոց, յորդորեց որ Եւրոպան ինքզինք գտնէ եւ չնայի իր անցեալին՝ որպէս  յիշատակներու լուսանկարներ։ Ան քաջալերեց չվախնալ Եւորպայի հազարամեայ պատմութենէն, չվախնալ ճշմարտութեան անհրաժեշտութենէն, որ խթանած է հին յունական միտքը,  չվախնալ արդարութեան կարիքէն ՝զարգացած Հռոմէական օրէնսդրութենէն, ի վերջոյ չվավնալ յաւիտենականութեան կարիքէն, որ հարստացած հրեայ - քրիստոնեայ աւանդութեան հետ հանդիպումէն։

Նորին Սրբութիւն յայտնեց, թէ իր երազն է որ Եւրոպան ըլլայ բարեկամ մարդոց հետ։Դառնայ տարածաշրջան մը  ուր մարդու արժանապատուութիւնը յարգուած է, ուր անձը իր արժէքը ունի եւ ոչ թէ տնտեսական  պարզ հաշիւ մըն է կամ վաճառականութեան բարիք։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց , թէ իր երազն է, որ Եւրոպան դառնայ տարածաշրջան մը, որ կը պաշտպանէ կեանքը, աշխատանքը, կրթութիւնը, մշակոյթը, գիտէ պաշտպանել տկարները, յատուկէն տարեցները, հիւանդները, որոնք կարիքը ունին խնամքի։ Մաղթեց, որ Եւրոպան դառնայ ընտանիք մը, հասարակութիւն  մը, ժողովուրդներուն ընտանիք մը, որ կարող է միութեան մէջ ապրիլ, որպէս հարստութիւն նկատելով տարբերութիւնները, յատուկէն այն հիմնականը որ է մարդու եւ կնոջ միջեւ տարբերութիւնը։  Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ իր երազն է, որ Եւրոպան դառնայ աջակցող եւ առատաձեռն, հիւրընկալ վայր՝ ուր եղբայրսիրութիւնը կը յաղթէ անտարբերութեան , անձնասիրութեան բոլոր ձեւերուն։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ գրեց, թէ իր երազն է, որ Եւրոպան ըլլայ առողջ աշխարհական, ուր Աստուած եւ Կայսեր տարբերուած են եւ ոչ թէ հարկադրուած։ Ան մաղթանք յայտնեց, որ Եւրոպան բաց գտնուի գերբնականի առջեւ ուր հաւատացեալը ազատ է դաւանելու իր հաւատքը եւ առաջարկելու իր սեփական տեսութիւնը հասարակութեան մէջ։

Ի վերջոյ ֆրանչիսոս Պապ «սիրելի Եւրոպան» յանձնեց անոր պաշտպան սուրբերուն հովանիին, Սուրբ  Պենետիկտոս , Կիւրեղ, Մեթոտիոս սուրբերուն, նշելով որ Եւրոպան տակաւին շատ բաներ ունի շնորհելիք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2020, 12:32