Հայր Լուիճի Մաքալլի Հայր Լուիճի Մաքալլի 

Հայր Մաքալլի. «յուզուած եմ ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերէն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Վատիկանի Ռատիոկայանին։»

Շնորհակալ եմ Վատիկանի Ռատիոկայանին իմ բանտի ընկերն ու զօրակիցս դառնալուն համար, որմէ յոյս ու սփոփանք ներշնչուեցայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, հոկտեմբեր, 18ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան աւարտին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ներկայ գտնուող հաւատացեալները հրաւիրեց  ծափահարելու Նիճերիոյ մէջ արեւանգուած ապա մի քանի օր առաջ Մալիին մէջ ազատ արձակուած Իտալացի միսիոնար հայր Լուիճի Մաքալլին համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ Հայր Մաքալլիին՝ շատ սպասուած ազատագրումին լուրին համար, որ երկու տարի առաջ առեւանգուած էր։ Ծափահարենք անոր արձակուելուն համար».ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով «Շարունակենք աղօթել միսիոնարներու եւ կրօնուսոյցներուն համար, որոնք աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ առեւանգուած ու հալածուած  են։»  

Ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հայր Լուիճի Մաքալլի իր յուզմունքը յայտնեց ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերուն համար։ «Երբեք չէի սպասեր, ֆրանչիսկոսն Պապին խօսքին, ճիշդ այն օրը երբ կը նշուի  միսիոնարական համաշխարհային օրը, ուր կը յիշուի «եղբայրութեան հիւսողները» սփռուած աշխարհի ամէն անկիւն՝ Աւետարանի քաղցրահամ ջուրը փոխանցելու համար։» Ըսաւ Հայր Մաքալլի,  ապա յիշեց Մալիի մէջ 2017 ին, առեւանգուած քոյր Կլորիա Նավեզը խնդրելով աղօթել անոր ազատագրման համար։

Իտալացի միսիոնար, հայր Լուիճի Մաքալլի «Վատիկանի նիւզ«ի յայտնեց նաեւ ,թէ ինք տակաւին վայրէջքի փուլին մէջ կը զգայ, ցնցուած պատահածէն։ «Կը խոստովանիմ,  թէ ինքզինքս տակաւին պատերազմի տարագրեալ կը զգամ,  մարմնիս վրայ ծայրայեղականներուն ատելութիւնն ու մերժումը զգալուս պատճառաւ։» Ըսաւ Ան։

Հայր Մաքալլի ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Վատիկանի Ռատիոյկայանին, ըսելով «Վատիկանի Ռատիոկայանը իմ բանտի ընկերն ու զօրակիցս եղաւ՝ կեանքիս դժուար պահերուն։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2020, 09:24