Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը։

Աշխարհական այր մարդերն ու կիները եկեղեցւոյ դերակատարներն են։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական աղօթքիհամաշխարհային ցանց կազմակերպութիւնը հրապարակեց ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին հոկտեմբեր ամսուան աղօթքի դիտաւորութիւնը։

Հաղորդագրութեան կը նշուի , թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, միսիոնարկանութեան նուիրուած հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին  կը շեշտէ աշխարհական  այր  մարդոց ու կանանց դերը, նկատելով զանոնք Աւետարանի հռչակումի իսկական ռահվիրաները, ու յատուկէն կը խնդրէ կանանց  մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ պատասխանատուութեան հաստաութիւններէն ներս։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին համար հիմնական է, որ կիները պատասխանատու ներկայութիւն ունենան,  հաշուի առնելով, որ ընդհանրապէս անոնք մէկի  դրուած են։ Ֆրանչիսկոս Պապ բազմաթիւ ժեսթեր կատարած է ,որոնք կը խթանեն աճեցնելու իգական սեռի կշիռքը եկեղեցիէն ներս։ 2016 ին, ֆրանչիսկոս Պապ Սրբուհի Մարիամ Մակթաղենացիին տօնը բարձրացուց ծիսական տօնին, որուն անունը պատարագամատոյցին նախաբանին մէջ կոչուած է  առաքելաներուն առաքեալը։ Եւ այդ ըրաւ ընդգծելու համար այդ կնոջ կարեւորութիւնը, որ առաջինը ականտեսը եղաւ  մեռեալներուն  մէջ  Յարուցեալին։  Առաջինը որուն Յիսուս իր  անունով կոչեց, առաջինը՛ որ Յիսուսէն ստացաւ իր Յարութիւնը աւետելու առաքելութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապետութեան առաջին օրերէն իսկ բազմաթիւ կիներուն յանձնեց եկեղեցական ծիրէն  կարեւոր պաշտօններ։


Ֆրանչիսկոս Պապ հոկտեմբեր ամսուան աղօթքին դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ ըսաւ

«Ոչ ոք մկրտուած է եպիսկոպոս ու քահանայ,  բոլորս մկրտուած ենք իբրեւ աշխարհականներ։
Աշխարհական  այր մարդերն ու կիներ  եկեղեցւոյ դերակատարներն են։

Այսօր անհրաժեշտութիւնը կայ տակաւին,   ընդլայնելու  իգական ներկայութեան մը վայրերը՝ եկեղեցւոյ մէջ աւելի ազդու։

Եւ ի հարկէ աշխարհական  ներկայութիւն մը, սակայն ընդգծելով իգական սեռի երեւոյթը, որովհետեւ ընդհանրապէս կիները են, որ մէկդի կը դրուին։

Պէտք է ,որ զարգացնենք կանանց ներգրաւածութիւնը այն վայրերուն մէջ ուր կարեւոր որոշումներ կառնուին։»

Աղօթենք, որպէսզի մկրտութեան առաքինութեանմբ, աշխարհական հաւատացեալները, յատուկէն կանայք, աւելիով մասնակցին եկեղեցւոյ պատասխանատութեան հաստատութիւններուն մէջ,  առանց ենթարկուելու կղերապաշտութեան, որոնք կը վերացնեն աշխարհկանութեան խարիզմը։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2020, 17:14