Աղօթք խաղաղութեան Աղօթք խաղաղութեան 

20 Հոկտեմբերին Հռոմը կը դառնայ խաղաղութեան մայրաքաղաք, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ այլ կրօններու ղեկավարներու հետ միասին։

Ներկաները պիտի աղօթեն նաեւ Ղարաբաղի հակամարտութեան համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 20 հոկտեմբերին Հռոմ քաղաքը պիտի դառնայ խաղաղութեան Մայրաքաղաք, վերյիշելու համար 1986ի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի կողմէ Ասսիզիի մէջ կազմակերպած կրօններու խաղաղութեան աղօթքը։  

Ունկնդրէ լուրը

Ձեռնարկը, որ պիտի տեսնէ աշխարհի տարբեր կրօններու եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու համախմբումը, սկիզբ կ՛առնէ  յետմիջօրէի 4-ին։

«Ոչ մէկը կը փրկուի առանցին. Եղբայրութիւն եւ խաղաղութիւն»,  Այս  բնաբանով է՝ որ կը կայանայ  «Կրօններու խաղաղութեան համար միջազգային աղօթքի» 34րդ  հանդիպումը զոր Սանդ էճիտիոյ հասարակութիւնը կազմակերպած է Հռոմի մէջ եւ որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ֆրանչիսկոս Պապը, Իտալիոյ նախագահ Սերճօ Մաթթարելլան, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը Բարթողոմէոս Ա եւ իսլամ, հրեայ ու պուտիստ կրօններու ներկայացուցիչներ։ Հանդիպումի ընթացքին պիտի ցուցադրուի նաեւ Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահ Ուրսուլա Վոն Տըր Լայընի մէկ պատգամը։

«Պատմութեան համար այսպիսի դժուար պահու մը ընթացքին, համաճարակի պատճառաւ ու նաեւ բազմաթիւ հին ու նոր հակամարտութիւններու պատճառաւ, որոնց շարքին Սուրիոյ տասնամեայ պատերազմը ու վերջերս Ղարաբաղի պատերազմը, Եւրոպայի սրտէն աշխարհին պիտի նուիրուի խորհրդածութեան, աղօթքի, հանդիպումի պահ մը, ապագայի համար յոյսի պատգամ մը՝  յանուն աւելի մեծ բարիքի,  որ է Խաղաղութիւնը»,  նշուած է ձեռնարկը ներկայացնող հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Հանդիպումը սկիզբ կ՛առնէ «Ara Coeli» պազիլիքային ներքոյ, հուսկ բոլոր մասնակցողները կ՛ուղղուին Հռոմի քաղաքապետարանի «Campidoglio» հրապարակ, ուր տեղի կ՛ունենայ փակման արարողութիւնը, որուն առթիւ խօսք կ՛առնեն Սանդ էՃիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր Անտրէա Ռիքքարտին, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն Տըր Լայընը (Տեսաուղերձով), հուսկ Բարթողոմէոս Ա, Ֆրանսայի Րաբունապետ Հայիմ Քորսիան, Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն կոմիտէի ընդհանուր քարտուղարը  Մուհամմէտ Ապտելսալամ Ապտելլաթիֆը եւ Պուտիստ Շոթէն Մինեկիզին եւ ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Զեկոյցներուն կը յաջորդէ մէկ վայրկեան լռութիւն՝ ի յիշատակ համաճարակի բոլոր զոհերուն ու նաեւ բոլոր պատերազմներու զոհերուն, հուսկ տեղի կ՛ունենայ 2020-ի խաղաղութեան կոչի ընթերցումը, որ պիտի յանձնուի խումբ մը մանուկներու եւ դեսպաններու ու քաղաքական գործիչներու։

Արարողութեան աւարտին՝ բոլոր պատերազմներու զոհերուն նուիրուած մէկ վայրկեան լռութեան պահէն ետք կրօններու ղեկավարները Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին կը լուսաւորեն խաղաղութեան մոմակալը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2020, 08:52