Քահանայապետի պահակագունդը Քահանայապետի պահակագունդը 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քահանայապետական զուիցերական պահակագունդին նոր զինուորագրեալներուն։

Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ նոր զինուորագրեալներուն երդման արարողութիւնը՝ մկրտութեան կոչումին հաւատարմութեան ուխտ ըլլայ , ինչպէս նաեւ Քրիստոսի հաւատարմութեան ուխտը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական զուիցերական պահակագունդին տօնին առիթով, ուրբաթ, հոկտեմբեր 2ին, վատիկանի մէջ  ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Քահանայապետական զուիցերական պահակագունդին նոր զինուորագրեալներուն ու անոնց հարազատներուն հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը  շնորհակալութիւն յայտնեց Քահանայապետական զուիցերական պահակագունդին  Սուրբ Պետրոսի յաջորդին մատուցած  վեհանձն ծառայութեան համար, գնահատելով  նաեւ նոր զինուորագրեալներու հարազատներուն իրենց զաւակներուն ջամբած քրիստոնեայ կրթութիւնը,  փոխանցելով իրենց զաւակներուն մերձաւորին նկատմամբ վեհանձն ծառայութեան իմաստը։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը  ան ապա անդրադարձաւ քահանայապետական պահակագունդիմ պատմութեան, յիշելով Հռոմի ճակատամարտը , ուր Զուիզերացի զինուրուները քաջութեամբ պաշտպանեցին Պապը՝ նոյնիսկ զոհելով իրենց կեանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ հռոմի այդ ճակատամարտը զինուորներուն մէջ արթնցնէ հոգեւոր պատերազմի վտանգը, դիտել տալով, որ առկայ ընկերային միջավայրին մէջ բազմաթիւ երիտասարդներ դէմ յանդիման կը գտնուին հոգիի մերկացումի վտանգին, երբ անոնք կը հետեւին իտէալներուն եւ ապրելակերպի մը,  որ կ՝արձագանգէ լոկ նիւթական կարիքներուն ու բաղձանքներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ զուիցերական պահակագունդի նոր զինուորներու Հռոմ կեցութիւնը նպաստաւոր ժամանակ ըլլայ, դիտել տալով որ հռոմ քաղաքը հարուստ է պատմութեամբ, մշակոյթով ու հաւատքով։ Մաղթեց նաեւ որ նոր զինուորագրեալները կարենան ապրիլ եղբայրական հոգիով,  մէկը միւսին օգնելով։

Նորին Սրբութիւն ապա նշեց, որ նոր զինուորագրեալներուն երդման արարողութիւնը զոր պիտի կատարեն մի քանի օր ետք, մկրտութեան կոչումին հաւատարմութեան ուխտը դառնայ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի հաւատարմութեան ուխտը։

«Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ պիտի կարենաք խաղաղօրէն դիմագրաւել խոչընդոտները եւ կեանքի բոլոր  մարտահրաւէրները»։ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ  ապա խօսքը աւարտեց Քալքութացի Սրբուհի թերեզային խօսքով.  «կեանքի վերջաւորութեան պիտի չդատուինք մեր կատարած աշխատանքի քանակի հիման վրայ, այլ որակի հիման վրայ։»Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Ան ապա փոխանցելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2020, 10:17