Առաքելական պալատէն հրապակային առցանց ունկդրութիւն Առաքելական պալատէն հրապակային առցանց ունկդրութիւն 

Նոյեմբեր ամիսէն սկսեալ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները պիտի կատարուին առցանց։

Որոշումը առնուած է Քովիտ-19 ժահրի տարածումը հակազդելու համար եւ մասնակիցները վտանգի չենթարկելու նպատակով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քովիտ-19 ժահրի տարածումին հակազդելու համար եւ մասնակիցները վտանգի չենթարկելու նպատակով,  յառաջիկայ 4 նոյեմբերէն սկսեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները պիտի կատարուին առցանց, առաքելական պալարի մատենադարանէն, առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ թէ որոշումը առնուած է անցեալ 21 հոկտեմբերի ունկնդրութեան  առթիւ քովիտ -19 ժահրէն  վարակուածի մը յայտնաբերումէն ետք։

Անցեալ 2 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը 189 օրեր փակումէ ետք ուրախութիւնը ունեցած էր դարձեալ հանդիպելու հաւատացեալներուն, առաքելական պալատի Սան Տամազօ գաւիթին մէջ, ուր վերսկսած էր գլխաւորել հրապարակային ունկնդրութիւնները։ Ան այդ առթիւ ըսած էր  «Բազմաթիւ ամիսներ ետք կը վերսկսինք մեր դէմ առ դէմ հանդիպումը եւ ոչ պաստառ առ պաստառ։ Դէմ առ դէմ եւ այս մէկը գեղեցիկ է»։

Մինչ 26 փետրուարին էր որ Սրբազան Պապը յարմարելով  հակահամաճարակային առողջապահական միջոցառումներուն, որոշած էր չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները կատարել առցանց առաքելական պալատի մատենադարանէն, ուր ինչպէս նշեցինք վերեւ պիտի վերադառնալ յառաջիկայ 4 նոյեմբերէն սկսեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2020, 09:15