Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Լուժանի Տիրամօր ուխտագնացութեան առթիւ. «Մարիամը մեզ կ՛ողջագուրէ»։

«Շատ անգամներ ճանապարհը կը դառնայ դժուար։ Եւ համաճարակի այս պահուն եւ առողջութեան դէմ բազմաթիւ սպառնալիքներուն դիմաց, վախի, ու շատ մը կարիքներու բերումով, ան շատ աւելի դժուար է», ըսաւ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ աւելցնելով. «մենք կարիքը ունինք, որ Մայրը մեզ կ՛ողջագուրէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մարիամ մեզ կ՛ողջագուրէ եւ մեզ կը համախմբէ» լսատեսողական պատգամի մը մէջ արտայայտուած աղօթքով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հոգեպէս միացաւ Արժանթինի հարաւ արեւմտեան շրջանի Նէուքուէն մարզի մէջ գտնուող Լուժանի Տիրամօր 40-րդ ուխտագնացութեան, որ քորոնաժահրի համաճարակի բերումով կայացաւ  «առցանց», 23-26 սեպտեմբեր 2020-ին։

«Շատ անգամներ ճանապարհը կը դառնայ դժուար։ Եւ համաճարակի այս պահուն եւ առողջութեան դէմ բազմաթիւ սպառնալիքներուն դիմաց, վախի, ու շատ մը կարիքներու բերումով, ան շատ աւելի դժուար է», ըսաւ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, աւելցնելով. «մենք կարիքը ունինք, որ Մայրը մեզ ողջագուրէ։ Մայր մեր, ողջագուրէ մեզ, կ՛ուզենք շարունակել մեր ճանապարհը», յարեց Նորին Սրբութիւնը, որ ապա յիշեց մի քանի վկայութիւններ. «Կին մը ինծի ըսաւ՝ թէ մօր մը պարտականութիւններէն մին իր զաւակները համախմբելն է։ Այլ կին մը, որուն հարց տուած էի. ո՞ր զաւակը իր ընտրեալ զաւակն էր, պատասխանեց. Ես ձեռքիս վրայ ունիմ հինգ մատեր. Եթէ անոնցմէ մին ցաւի, այդ ցաւը նման է միւս մատերու ցաւին։ Բոլորն ալ տարբեր են ու բոլորը հաւասար»։

«Այսպէս է նաւ Տիրամայրը - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը - Բոլորս տարբեր ենք, բայց ան Մայր է ու մեզ բոլորս կ՛ողջագուրէ։ Ան ձեզի կ՛ընկերանայ այստեղէն» աւելցուց Ան  ապահովեցնելով թէ ինք եւս կը միանայ ուխտագնացութեան, կ՛աղօթէ իրենց համար ու կը խնդրէ որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար»։

Վերոնշեալ ուխտագնացութիւնը վերջ գտաւ Կիրակի 27 սեպտեմբերին Նէուքուէնի թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Ֆերնանտօ Քրոքսաթթոյի ուղիղ եթերով մատուցած սուրբ պատարագով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2020, 11:00