«Ապագան պատրաստենք Յիսուսին հետ որ կը փրկէ եւ կը բժշկէ». 30 սեպտեմբերի Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Փոքր վիրուս մը կը շարունակէ խոր վէրքեր յառաջացնել եւ կը դիմակազերծէ մեր ֆիզիկական, ընկերային եւ հոգեակն խոցելիութիւնը։ Ի յայտ դրաւ աշխարհի վրայ տիրող մեծ անհաւասարութիւնը…ասոր համար համաճարակէ դուրս գալու համար պէտք է ոչ միայն քորոնավիրուսին դարմանը գտնել, այլ նաեւ դարմանը՝մարդկային եւ ընկերատնտեսական մեծ վիրուսներուն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 30 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկանի Սան Տամազօ գաւիթին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին շարունակելով «Աշխարհը Բուժել» խորագիրով համաճարակէն ետք աշխարհի մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը, հրաւէր ուղղեց ապագան պատրաստել Յիսուսին հետ, Յիսուս որ կը փրկէ եւ կը բուժէ։

Ունկնդրէ լուրը

«Անցեալ շաբաթներու ընթացքին, Աւետարանի լոյսին ներքոյ, միասնաբար խորհրդածեցինք, թէ ինչպէս բուժել աշխարհը, որ կը տառապի հիւանդութենէ մը, զոր համաճարակը աւելիով սրացուց եւ շեշտադրեց», ըսաւ Սրբազան Պապը, սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու յայտնելով՝ թէ անցեալ խորհրդածութիւններու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ արժանապատուութեան, զօրակցութեան եւ մերձակցութեան մասին, որոնք անհրաժեշտ ուղիներ են, խթանելու համար մարդկային արժանապատուութիւնը եւ հասարակաց բարիքը։

Որպէս Յիսուսի աշակերտներ, առաջադրենք  հետեւիլ անոր քայլերուն, ընտրենք աղքատները, վերատեսելով բարիքներու գործածութիւնը եւ հոգ տանինք մեր հասարակաց  տան։

«Մեզ տառապեցնող  համաճարակի ընթացքին, աւելիով կառչեցանք Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան, թոյլ տալով առաջնորդուիլ հաւատքէն, յոյսէն եւ սէրէն եւ այստեղ է, որ գտանք ամուր օգնութիւնը դառնալու համար մեծ երազներով յեղաշրջումի գործիչներ, որոնք կանգ չեն առներ բաժնող եւ վիրաւորող թշուառութիւններուն դիմաց այլ կը քաջալերեն յղանալու նոր եւ աւելի լաւ աշխարհ մը» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնելով նաեւ որ սկիզբ առած ուղեւորութիւնը վերջ չի գտնէ սոյն խորհրդածութեամբ, այլ կարելի ըլլայ շարունակել քալել միասին մեր հայեացքը ուղիղ սեւեռելով Յիսուսին վրայ, որ կը փրկէ եւ կը բուժէ աշխարհը։

«Յիսուս բժշկեց ամէն տեսակ հիւանդութենէ տառապող անձեր ու երբ զանոնք կը բժշկէր ֆիզիկական հիւանդութիւններէն կը բուժեր նաեւ անոնց հոգիները ներելով նաեւ մեղքերը.. Յիսուս արդարեւ կը նորոգէ եւ կը հաշտեցնէ իւրաքանչիւր արարած, մեզի կը պարգեւէ պէտք եղած շնորհքները՝ իրեն պէս սիրելու եւ բուժելու համար, եւ հոգ տանելու բոլորին առանց ցեղային, լեզուի կամ ազգի խտրականութեան։

Որպէսզի այս մէկը պատահի իսկապէս պէտք է գնահատենք ամէն մէկ մարդ էակի եւ ամէն մէկ արարածի գեղեցկութիւնը։ Մենք ծնունդ առինք Աստուծոյ սրտէն, իւրաքանչիւրս պտուղն է Աստուծոյ մտածումին։ Մեզմէ ամէն մէկը սիրուած է եւ անհրաժեշտ։ Հուսկ ամէն մէկ արարած բան մը ունի մեզի ըսելիք Արարիչ Աստուծոյ մասին։

 Այս ճշմարտութիւնը ընդունիլը, մեր մէջ կ՛արթնցնէ քնքշութեամբ լի վեհանձն խնամակալութիւն» ու մեզ կ՛օգնէ Քրիստոսը ճանչնալու մեր աղքատ ու տառապեալ  եղբայրներու եւ քոյրերու մէջ, անոնց հանդիպելու եւ ունկնդրելու անոնց ճիչը ու ճիչը նաեւ մայր հողին որ անոնց արձագանքն է։

Մեկնելով այդ ճիչերէն մենք կարող ենք վերայղանալ ընկերութիւնը եւ չի վերադառնալ այնպէս կոչուած «սովորականին». Որովհետեւ անիկայ հիւանդ էր անարդարութեան, անհաւասարութեան եւ բնութեան ապականումի հիւանդութիւններով։ Սովորականութիւնը որուն կոչուած ենք՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է, ուր կոյրերը իրենց տեսողութիւնը կը գտնեն,  կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելատները յարութիւն  կ՛առնեն եւ աղքատներուն կ՛աւետուի Աւետարանը (Մատթ. 11,5)։ Աստուծոյ Արքայութեան սովորականին մէջ հացը հասանելի է բոլորին, ընկերային կազմակերպութիւնը հիմնուած է օժանդակութեան, բաժնեկցութեան եւ բաժնելուն վրայ, ու ոչ թէ տիրապետելու, բացառելու և կուտակելու վրայ (Մատէ 14,13-21)։

«Փոքր վիրուս մը կը շարունակէ խոր վէրքեր յառաջացնել եւ կը դիմակազերծէ մեր ֆիզիկական, ընկերային եւ հոգեակն խոցելիութիւնը։  Ի յայտ դրաւ աշխարհի վրայ տիրող մեծ անհաւասարութիւնը…ասոր համար համաճարակէն դուրս գալու համար պէտք է ոչ միայն քորոնավիրուսին դարմանը գտնել, այլ նաեւ դարմանը՝մարդկային եւ ընկերատնտեսական մեծ վիրուսներուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով տնտեսական համակարգին անբաւարարութեան։

Պէտք է գործի լուծուինք եւ աշխատինք արտադրելու բարի քաղաքականութիւն մը, ծրագրելու ընկերային կազմակերպումի լաւ համակարգ, ուր շեշտը դրուի մասնակցութեան վրայ, խնամքի եւ վեհանձնութեան վրայ քան անտարբերութեան, չարաշահումի եւ մասնակի շահերու վրայ։

Զօրակից եւ հաւասար ընկերութիւն մը աւելի առողջ ընկերութիւն է։ Մասնակից ընկերութիւնը մը, ուր վերջինները նկատի առնուած են նման առաջիններուն, կ՛ամրապնդէ հաղորդութիւնը։ Ընկերութիւն մը՝ ուր կը յարգուին տարբերութիւնները շատ աւելի տոկուն է որեւէ վիրուսի դէմ։

Այս բուժման ընթացքը դնենք Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Հիւանդայց առողջութիւն Տիրամօր հովանիին տակ։ Ան որ իր արգանդին մէջ կրեց Յիսուսը, մեզ օգնէ ըլլալու ինքնավստահ եւ ոգեւորուած Սուրբ Հոգիէն, միասին աշխատինք Թագաւորութեան համար, զոր Քրիստոսը մեր մէջ բնակելով հիմնեց այս աշխարհին մէջ.  Խաւարի մէջ լոյսի թագաւորութիւն, արդարութեան թագաւորութիւնը՝ այնքան խռովութիւններու մէջ, ուրախութեան թագաւորութիւն՝ ցաւերու մէջ ու փրկութեան եւ բժշկութեան թագաւորութիւն՝ հիւանդութիւններու եւ մահուան մէջ։

Տէրը մեզի թող պարգեւէ կարելիութիւնը «վիրուսացնել»ու  սէրը և համաշխարհայնացնելու յոյսը հաւատքի լոյսի ներքոյ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2020, 10:02