Որոնել

«Օժանդակութիւնն ու յոյսի առաքինութիւնը». 23 սեպտեմբերի Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւն։

Եկէք չփորձենք վերակառուցել անցեալը, մանաւանդ այն որ անարդար և արդեն հիւանդ էր: Կառուցենք ապագայ մը, ուր տեղական և համընդհանուր չափանիշերը կը հարստանան փոխադարձ կերպով, որտեղ կարող են ծաղկիլ փոքր խմբերու գեղեցկութիւնն ու հարստութիւնը, և որտեղ անոնք որոնք աւելի շատ ունին յանձնառու ըլլան ծառայել և աւելին պարգեւել անոնց որոնք աւելի քիչ ունին:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի  23 սեպտեմբեր 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը շարունակելով հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները գլխաւորել  Վատիկանի Սան Տամազօ գաւիթէն ներս ու շարունակելով նաեւ խօսիլ յետ համաճարակի աշխարհի մասին ներկայացնելով «Աշխարհը Բուժել» բնաբանով խորհրդածութիւններու շարքը, այս անգամ որպէս կեդրոնական նիւթ ընտրեց «Օժանդակութիւնն ու յոյսի առաքինութիւնը»։

«Դուրս գալու համար տագնապէ մը, նման ներկայ տագնապին, որ առողջապահական ճգնաժամ մըն է ու միեւնոյն ատեն ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական տագնապ, մեզմէ ամէն մէկը կանչուած է ստանձնելու պատասխանատուութեան իր բաժինը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան սկիզբը։

Պէտք է պատասխանենք ոչ միայն որպէս առանձին անհատներ, այլ նաեւ սկսեալ մեր պատկանելիութեան խումբէն, ընկերութեան մէջ մեր ունեցած դերակատարութիւնէն, մեր սկզբունքներէն եւ եթէ հաւատացեալ ենք մեր Աստուծոյ նկատմամբ ոնեցած հաւատքէն։ 

Յաճախ սակայն բազմաթիւ մարդիկ չեն կրնար մասնակցիլ հասարակաց բարիքի կառուցման, որովհետեւ մեկուսացուած են, բացառուած են եւ կամ անտեսուած։ որոշ ընկերային խումբեր չեն կրնար իրենց սատարը տալ, որովհետեւ անոնք  խեղդուած են տնտեսապէս կամ քաղաքականապէս։ Որոշ ընկերութիւններու մէջ, շատ մը անհատներ ազատ չեն արտայայտելու իրենց հաւատքը եւ իրենց արժէքները։ Այլ վայերու մէջ, յատկապէս Արեւմտեան աշխարհի մէջ, շատեր ինքնուրոյն կը զսպեն իրենց կրօնական ու բարոյական համոզումները։ Բայց այսպէսով կարելի չէ դուրս գալ տագնապէն եւ ամենայնդէպս կարելի չէ դուրս գալ աւելի լաւ կերպով։

Որպէսզի բոլորս կարողանաք մասնակից ըլլալ խնամքին եւ մեր ժողովուրդներու վերակենդանացումին, արդար է որ իւրաքանչիւրս ունենայ այդ մէկը կատարելու պատշաճ կենսամիջոցները։

1929-ի տնտեսական մեծ անկումէն ետք, Պիոս ԺԱ Պապը բացատրեց՝ թէ որքան կարեւոր էր, իսկական վերակառուցումի մը համար, օժանդակութեան սկզբունքը որ ունի կրկնակի շարժականութիւն՝ վերէն դէպի վար ապա վարէն դէպի վեր։

Մէկ կողմէ ու մասնաւորապէս յեղաշրջումներու ժամանակ, երբ անհատները, ընտանիքները, փոքր ընկերակցութիւնները կամ տեղական համայնքները չեն կարող  հասնիլ առաջնային նպատակներուն, արդար պիտի ըլլայ, որ հասարակական մարմնի բարձրագոյն մակարդակները, ինչպիսին է պետութիւնը, միջամտեն` ապահովելու համար յառաջ ընթանալու անհրաժեշտ կենսամիջոցները։ 

Քորոնվիաորուսի պատճառաւ արգելափակումի բերումով բազմաթիւ մարդիկ, ընտանիքներ եւ տնտեսական գործունէութիւններ գտնուեցան ծանր ու դժուար կացութեան մէջ, ուստի պետական ​​հաստատությունները կը փորձեն անոնց օգնել համապատասխան միջամտութիւններով:

Միւս կողմէն սակայն, ընկերութեան վերնախաւը պէտք է յարգէ եւ խթանէ միջնակ կամ աւելի փոքր խաւերը, որոնց սատարը, եկեղեցւոյ սատարին հետ միասին որոշիչ է։

Ասոնք իրենց մշակութային, կրօնական, տնտեսական եւ քաղաքացիական մասնակցութեամբ կը վերակենդանացնեն եւ կը հզօրացնեն ընկերային մարմինը։

Ամէն մին պէտք է կարելիութիւնը ունենայ ստանձնելու իր պարտականութիւնը եւ երբ ի գործ կը դրուի որեւէ ծրագիր որ կը հայի որոշ ընկերային խումբերու, ասոնք չեն կրնար դուրս ձգուիլ այդ ծրագիրի մասնակցելէն։ Անոնց իմաստութիւնը չի կրնար անտեսուիլ։ Թէեւ դժբախտաբար այս անարդարութիւնը կ՛իրականանայ յաճախ այնտեղ ուր կենտրոնացուած են  տնտեսական կամ աշխարհաքաղաքական մեծ շահեր, ինչպիսին են արդիւնահանման որոշակի գործողութիւնները մոլորակի որոշ տարածքներուն մէջ։

Բնիկ ժողովուրդներու ձայները, անոնց մշակոյթը եւ աշխարհին տեսութիւնը նկատի չեն առնուիր։ Եւ այսօր այս օժանդակութեան սկզբունքի պակասը տարածուած է վիրուսի նման։ Մտածենք Պետութիւններու կողմէ իրականացուած այն ֆինանսական  մեծ օգնութիւններու մասին։ Աւելիով ձայն կը տրուի ֆինանսական մեծ ընկերութիւններուն քան մարդոց եւ կամ անոնց որոնք «իրական տնտեսութիւնը կը շարժեն»։  Աւելիով ձայն կը տրուի բազմազգ ընկերութիւններուն քան ընկերային ժողովրդային  շարժումներուն: Այսպիսով սակայն, մենք մարդոց թոյլ չենք տար՝ որ անոնք  ըլլան  «իրենց սեփական փրկութեան գլխաւոր հերոսները»:

Կամ ալ եկէք մտածենք վիրուսի բուժման ճանապարհի մասին. Աւելի ձայն կը տրուի դեղագործական մեծ ընկերութիւններուն, քան առողջապահական գործիչներուն, որոնք կ՛աշխատին առաջնագիծի վրայ, հիւանդանոցներու կամ փախստականներու ճամբարներուն մէջ:  Ասիկա ուղիղ ճանապարհ չէ: Պէտք է մտիկ ընել բոլորին։

Տագնապէ մը աւելի լաւ դուրս գալու համար, պէտք է ի գործ դրուի օժանդակութեան սկզբունքը, յարգելով իւրաքանչիւրի ինքնավարութիւնն ու ձեռնարկելու կարողութիւնը, յատկապէս ամենայետիններունը։  Մարմնի մը բոլոր  մասերը անհրաժեշտ են եւ ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոսը, այդ մասերը կարող են թուիլ տկար կամ նուազ կարեւոր, մինչ իրականութեան մէջ ամենաանհրաժեշտն են։

Այս պատկերի լոյսին ներքոյ կարող ենք ըսել որ օժանդակութեան սկզբունքը իւրաքանչիւրիս առիթ կու տայ յանձն առնելու սեփական դերակատարութիւնը ընկերութեան խնամքի եւ ճակատագրի ուղիով։  Այս մէկը իրագործելը յոյս կը պարգեւէ աւելի առողջ եւ արդար ապագայի մը համար, զոր պիտի կառուցենք միասին։

Նախկին մէկ  խորհրդածութեան մէջ տեսանք թէ ինչպէս զօրակցութիւնը տագնապէ դուրս գալու ճանապարհն է, այս զօրակցութեան ուղեւորութիւնը սակայն կարիքը ունի օժանդակութեան։

Արդարեւ չկայ իսկական զօրակցութիւն առանց ընկերային մասնակցութեան, առանց միջնակարգ դասակարգի սատարին, ընտանիքներուն, ընկերակցութիւններուն,փոքրիկ ձեռնարկութիւններուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան արտայայտութիւններուն։

Այդ մասնակցութիւնը կը սատարէ կանխելու եւ շտկելու Պետութիւններու գործունէութեան  եւ համաշխարհայնացումի որոշ ժխտական երեւոյթները, ինչպէս կը պատահի նաեւ համաճարակի թիրախ մարդոց խնամքին ընթացքին։ 

Արգելափակումի ժամանակ ծնունդ առաւ ծափահարութիւններու ինքնաբուխ ժեստը բժիշկներու և հիւանդապահներու  համար ՝ ի նշան խրախուսանքի և յոյսի: Այս ծափահարութիւնները տարածենք ընկերային մարմնի իւրաքանչիւր անդամի `անոր թանկարժէք ներդրման համար, որքան ալ որ փոքր ըլլայ ան:

Ծափահարենք  տարեցները, երեխաները, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերը, աշխատողները, բոլոր անոնք որոնք իրենց ծառայութիւնը  կը մատուցեն: Բայց եկէք չի բաւարարուինք ծափահարութիւններով:  Յոյսը համարձակ է, առ այդ եկէք մենք մեզ խրախուսենք մեծ երազանքի ՝ փնտռելով արդարութեան և սոցիալական սիրոյ իտէալները, որոնք ծնունդ կ՛առնեն յոյսէն։

Եկէք չփորձենք վերակառուցել անցեալը, մանաւանդ այն որ անարդար և արդեն հիւանդ էր: Կառուցենք  ապագայ մը, ուր տեղական և համընդհանուր չափանիշերը  կը հարստանան փոխադարձ կերպով, որտեղ կարող են ծաղկիլ փոքր խմբերու գեղեցկութիւնն ու հարստութիւնը, և որտեղ անոնք որոնք աւելի շատ ունին յանձնառու ըլլան ծառայել և աւելին պարգեւել անոնց որոնք  աւելի քիչ ունին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2020, 10:04