«Համաճարակին քաղաքական պատասխանը՝ հասարակաց բարիքի քաղաքականութիւնն է». Ֆրանչիսկոս Պապ

Համաճարակի պատճառաւ մեր ապրած Ճգնաժամը կը հարուածէ բոլորը, անորմէ կարող ենք դուրս գալ աւելի լաւ եթէ բոլորս միասին փնտռենք հասարակաց բարիքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, որ անցեալ չորեքշաբթի օրը՝ համաճարակի բերումով գրեթէ վեց ամիս դադարէ ետք, վերսկսած էր հաւատացեալներու մասնակցութիւն  հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը այսօր  եւս՝ 9 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը գլխաւորեց Վատիկանի «Սան Տամազօ» գաւիթին մէջ, որուն առթիւ շարունակելով «աշխարհը բուժել» նիւթով համաճարակէն ետք աշխարհին հայող խորհրդածութիւններու շարքը, որպէս կեդրոնական նիւթ ընտրեց «սէրը եւ հասարակաց բարիքը»։

«Համաճարակի պատճառաւ մեր ապրած Ճգնաժամը կը հարուածէ բոլորը, անորմէ կարող ենք դուրս գալ աւելի լաւ եթէ բոլորս միասին փնտռենք հասարակաց բարիքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու շարունակեց. «Աւաղ սակայն ականատես ենք մասնակի շահերու յայտնաբերումին։ Մարդիկ՝ որոնք կը ցանկան սեփականացնել լուծումները, ինչպէս է պարագան պատուաստանիւթին։ Ոմանք ալ իրավիճակէն օգտուելով բաժանումներ կը խթանեն, փնտռելով տնտեսական կամ քաղաքական առաւելութիւններ, յառաջացնելով եւ աճեցնելով հակամարտութիւնները։ Այլ մարդիկ պարզապէս հետաքրքրուած չեն ուրիշներու տառապանքներով, անոնք կ՛անցնին ու կ՛երթան անդին  իրենց ճանապարհով (տես Ղուկ. 10.30-32)»:

Քրիստոնէական պատասխանը համաճարակին ու անոր պատճառած ընկերա-տնտեսական տագնապին հիմնուած է սիրոյ վրայ, նախ եւ առաջ Աստուծոյ սէրը, որ միշտ մեզ կը կանխէ (Յովհ. Ա. թուղթ  4, 19 )։ Ան մեզ կը սիրէ  անվերապահօրէն ու երբ մենք այդ աստուածային սէրը ընկալենք կարող ենք մենք եւս պատասխանել նոյն կերպով։  Սիրել ոչ միայն անոնք որոնք մեզ կը սիրեն, ընտանիք, բարեկամներ, խումբ, այլ նաեւ անոնք որոնք մեզ չեն սիրեր, որ մեզ չեն ճանչնար՝ օտարականներ ու նաեւ անոնք որոնք մեզի ցաւ կը պատճառեն ու թշնամի նկատուած են»։  

«Ամէնքը սիրելը, ներառեալ թշնամիները, դժուար բան է, պիտի ըսէի արուեստ է» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, նշելով «որ անիկայ արուեստ մըն է, որ կարելի է սորվիլ ու բարելաւել։ Իսկական սէրը, որ մեզ կը դարձնէ պտղաբեր եւ ազատ, միշտ ալ  ընդարձակ ու ներառական է. Այդ սէրը կը խնամէ, կը բուժէ եւ բարիք կը կատարէ։

Սէրը առ այդ սահմանուած չէ ընտանեկան կամ բարեկամներու շրջանակին։ Ան կը ներառէ քաղաքացիական եւ քաղաքական յարաբերութիւնները ներառեալ բնութեան հետ յարաբերութիւնը։

Սէրը արդարեւ կը հարստացնէ ընկերային, մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւնները ու թոյլ կու տայ կառուցել սիրոյ քաղաքակրթուին մը ուր եսասիրութեան, անտարբերութեան եւ մերժումին մշակոյթը կարող չեն գերակայել։

Քորոնաժահրը մեզի ցոյց տուաւ թէ իւրաքանչիւրի համար իսկական բարիքը հասարակական բարիքն է ու փոխադարձաբար հասարակաց բարիքը իսկական բարիք է ամէն մէկ անհատի համար։

Առողջութիւնը անհատական ըլլալէ անդին՝ է նաեւ հանրային բարիք։ Առողջ է այն ընկերութիւնը, որ կարող է հոգ տանիլ բոլորի առողջութեան։

«Սահման, խոչնդոտ ու մշակութային եւ քաղաքական տարբերութիւն չի ճանչցող վիրուս մը պէտք է դիմագրաւուի առանց սահմանի, պատնէշներու եւ տարբերութիւններու սիրով մը։  Այդ սէրը կարող է յառաջացնել ընկերային կառոյցներ, որոնք մեզ կը քաջալերեն կիսելու, փոխանակ մրցակցելու, որոնք կը ներառեն նաեւ ամենադիւրաբեկ անձերը փոխանակ զանոնք մերժելու, ու մեզ կ՛օգնեն լաւապէս արտայայտելու մեր մարդկային բնութիւնը»։

«Արդարեւ երբ սիրենք եւ ստեղծագործութիւն, վստահութիւն եւ զօրակցութիւն խթանենք, այնտեղ է որ ի յայտ կու գան հասարակաց բարիքի ի նպաստ շօշափելի ձեռնարկներ» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով՝ որ «ընդհակառակը, երբ համաճարակի լուծումները ունին եսասիրութեան կնիքը, մի գուցէ կարող ըլանք դուրս գալ քորոնաժահրէն, սակայն վստահաբար չենք կրնար յաղթահարել վիրուսին ի յայտ դրած ու անոր բերումով սրացած մարդկային եւ ընկերային ճգնաժամը։ Հարկ է ուրեմն ուշադիր ըլլալ եւ բնակարաններ չի կառուցել աւազի վրայ, որովհետեւ ներառող, արդար, խաղաղ եւ առողջ ընկերութիւն մը կերտելու համար հարկաւոր է զայն կառուցել հասարակաց բարիքի ժայռին վրայ։  Եւ այս մէկը բոլորիս պարտականութիւնն է։

Աքուինացի Սուրբ Թովմասը կ՛ըսէր, որ հասարակաց բարիքի խթանումը արդարութեան պարտականութիւն մըն է, որ կը պատկանի ամէն մէկ քաղաքացիի։ Քրիստոնեաներուն համար ալ ան առաքելութիւն է։

Դժբախտաբար քաղաքականութիւնը լաւ համբաւ չի վայելեր ու բոլորս գիտենք թէ ինչու։ Սակայն պէտք չէ համակերպիլ այս բացասական տեսութեան, այլ անոր հակազդել գործնական գետնի վրայ ցոյց տալով որ կարելի է եւ աւելին պարտաւոր է բարի քաղաքականութիւն մը, որուն կեդրոնը հանդիսանայ  մարդ անհատը եւ հասարակաց բարիքը։

Այս մէկը կարելի է այն չափով որ ամէն մէկ քաղաքացի ու յատկապէս  անոնք որոնք ընկերային եւ քաղաքական պաշտօններ կը ստանձնեն իրենց գործունէութիւնը արմատաւորեն բարոյական սկզբունքներուն վրայ ու զայն ոգեւորեն ընկերային եւ քաղաքական սիրով։

Քրիստոնեաները ու յատկապէս աշխարական հաւատացեալներ կանչուած են բարի վկայութիւն տալու այդ ուղղութեամբ ու այդ  մէկը կարող են իրագործել շնորհիւ սիրոյ առաքինութեան, մշակելով  անոր ներքին ընկերային հարթութիւնը։

Ժամն է ուրեմն աճեցնելու մեր ընկերային սէրը։ Հասարակաց բարիքը կը պահանջէ բոլորի մասնակցութիւնը։ Երբ ամէն մէկը իր սատարը կու տայ ու երբ ոչ մէկը դուրս կը մնայ, կարող կ՛ըլլանք ստեղծել բարի յարաբերութիւններ, ըլլայ հասարակական, ըլլայ ազգային, ըլլայ միջազգային գետնի վրայ ու նաեւ բնութեան հետ ներդաշնակութեամբ։

Աստուծոյ օգնութեամբ մենք կարող ենք փոխել աշխարհքը՝ բոլորս միասին աշխատելով ի նպաստ հասարակաց բարիքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2020, 10:13