Որոնել

«Զօրակցութիւնը եւ հաւատքի առաքինութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Ուստի որպէսզի իրարմէ փոխ կախուածութիւնը որուն մէջ կ՛ապրինք չի դառնայ կախուածութիւն մենք կարիքը ունինք զօրակցութեան։ Եւ զօրակցութեան սկզբունքը այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 2 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սան Տամազօ անուամբ հրապարակին վրայ հաւատացեալներու ներկայութեամբ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին շարունակելով «Աշխարհը բուժել» վերտառութեամբ ընդհանուր ունկնդրութիւններու խորհրդածութիւններու շարքը, խօսքը կեդրոնացուց «Զօրակցութիւնը եւ հաւատքի առաքինութիւնը» նիւթին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Ներկայի համաճարակը ի յայտ դրաւ մեր իրարմէ փոխ կախուածութիւնը, մենք բոլորս իրարու կապուած ենք, մէկը միւսին, ըլլայ բարիի, ըլլայ չարի մէջ։ Ասոր համար այս տագնապէն աւելի լաւ դուրս գալու համար, պէտք է այդ մէկը ընենք միասին, բոլորս, զօրակցութեամբ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով՝ թէ որպէս մարդկային ընտանիք մեր միասնական ծագումը Աստուծոյ մէջ է եւ ունինք միեւնոյն միասնական նպատակը՝ Քրիստոսի մէջ։

Սակայն երբ մենք մոռնանք այս բոլորը, մեր իրարմէ փոխ կախուածութիւնը կը դառնայ մէկը միւսէն կախուածութիւն, աճեցնելով անհաւասարութիւնը եւ բացառութիւնը։ Այդպէսով կը տկարանայ ընկերային խաւը եւ կ՛ապականի միջավայրը։

Ուստի որպէսզի  իրարմէ փոխ կախուածութիւնը որուն մէջ կ՛ապրինք չի դառնայ կախուածութիւն մենք կարիքը ունինք զօրակցութեան։ Եւ զօրակցութեան սկզբունքը այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է։

Զօրակցութիւնը կ՛ենթադրէ նոր մտածելակերպ, որը կը մտածէ համայնքային ձեւով։ Ասիկա միայն ուրիշները օգնելու հարց մը չէ, արդարութիւն է։ Որպէսզի իրարմէ կախուածութիւնը ըլլայ պտղաբեր ու զօրակից կարիքը ունինք մարդկայնութեան խոր արմատներու։

Բաբելոնի աշտարակի դրուագը ցոյց կու տայ թէ երբ մենք կը մոռնանք մեզ իրար մէջ, բնութեան ու Արարիչին  հետ միացնող կապերը՝ կը կործանենք հասարակութիւնը։  Կը կառուցենք աշտարակներ ու երկնաքերներ սակայն կը կործանենք հասարակութիւնը։ Մենք կ՛ուզենք դառնալ Երկրին տէրերը սակայն կը կործանենք կենսաբազմազանութիւնը եւ բնապահպանական հաւասարակշռութիւնը։

Բաբելոնի աշտարակի շինութեան ընթացքին երբ մարդ մը վար կ՛իյնար ու կը մեռնէր ոչ մէկը խօսք մը կ՛ըսէր,  մինչ երբ աղիւս մը իյնար բոլորն ալ կը բողոքէին, որովհետև աղիւսը սուղ էր եւ աւելի արժէք ունէր քան մարդկային կեանքը։ Դժբախտանար այսօր եւս նման բաներ կը պատահին։ Երբ Ֆինանսական շուկայի որոշ մասնաբաժինը իյնայ լուրը ամենուրէք կը տարածուի։ Մինչ երբ հազարաւոր մարդիկ կ՛իյնան սովի պատճառաւ ոչ մէկը անոր մասին կը խօսի։

Բաբելոնի հակառակ  դրուագը Պենտեկոստէն է. Այդ  օրը Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ուժը կը պարգեւէ աւետելու համար յարուցեալ Քրիստոսը։  Ան տարբերութեան եւ զօրակցութեան մէջ ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ։ Միացած հասարակութեան մը հաւատք կը ներշնչէ։

Զօրակցութիւնը առ այդ այսօրուան ճանապարհն է, զոր պէտք է կտրենք երթալու դէպի յետ համաճարակի աշխարհ մը, դէպի մեր հասարակական  եւ միջ անձնական հիւանդութիւններու ապաքինում։ Տագնապէ մը դուրս կու գանք կամ աւելի լաւ կամ աւելի վատ։ Զօրակցութիւնը մեզ կ՛օգնէ դուրս գալու աւելի լաւ։

Հաւատքէն առաջնորդուած զօրակցութիւնը մեզի թոյլ կու տայ Աստուծոյ սէրը թարգմանել մեր համաշխարհայնացած մշակոյթին մէջ, ոչ թէ աշտարակներ եւ բաժնող պատեր կառուցելով, այլ հիւսելով հասարակութիւն մը ու թիկունք կանգնելով եւ մարդկային  իսկական զօրակից զարգացումի գործընթացին.

Տագնապի եւ փոթորիկի մէջ Տէրը մեզ կը հարցաքննէ ու մեզ կը հրաւիրէ վերազարթնելու ու ի գործ դնելու զօրակցութիւնը որ կարող է ամրութիւն եւ աջակցութիւն պարգեւել ու նաեւ իմաստ՝ մեր այս ժամերուն, ուր ամէն ինչ կը թուի ընկղմիլ։

Թող որ Սուրբ Հոգւոյն ստեղծագործութիւնը մեզ քաջալերէ ստեղծելու ընտանեկան հիւրընկալութեան նոր ձեւեր, ու ձեւեր եղբայրական եւ տիեզերական զօրակցութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2020, 09:51