Որոնել

Սուրբ Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ հրեշտակապետերը Սուրբ Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ հրեշտակապետերը 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը Սուրբ Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ հրեշտակապետերու տօնին առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ սուրբ հրեշտակապետերէն հայցեց որ օգնեն մեզի փրկութեան, ամբողջական ապաքինումի մեր ուղեւորորութեան մէջ։

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 29ի,ն Սուրբ Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ հրեշտակապետերու տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը,  հայցելով Սուրբ հրեշտակապետերուն օգնութիւնը ու աջակցութիւնը, փրկութեան ճանապարհին եւ ամբողջական ապաքինումի մեր ուղեւորութեան մէջ։

Թուիթին մէջ Սրբազան Հայրը գրած է.

«Սուրբ Միքայէլ օգնէ մեզի փրկութեան համար մղած պայքարին մէջ ։ Սուրբ Գաբրիէլ, փոխանցէ մեզի բարի լուրը, որ Յիսուս մեզ փրկեց եւ յոյս ներշնչէ։ Սուրբ Ռաֆայէլ, մեր ձեռքերէն բռնէ եւ օգնէ մեզի ամբողջական ապաքինումի ուղեւորութեան մէջ։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2020, 13:30