«Խաչը Աստուծոյ սիրոյ մեծ մատեանն է» «Խաչը Աստուծոյ սիրոյ մեծ մատեանն է» 

«Խաչը Աստուծոյ սիրոյ մեծ մատեանն է». Ֆրանչիսկոս Պապին 14 սեպտեմբերի թուիթը։

Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ անգամ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աստուծոյ սիրոյ յայտնութիւնը մեզի համար խելագարութիւն կը թուի։ Ամէն անգամ որ մեր հայեացքը ուղղենք Խաչին, այնտեղ կը գտնենք այդ սէրը։ Խաչը Աստուծոյ սիրոյ մեծ մատեանն է»։ Գրառումն է սա զոր Ֆրանչիսկոս Պապը կատարեց Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ 14 սեպտեմբեր 2020-ին, մինչ Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Խաչվերացի տօնը։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ խօսքերը քաղուած են Նորին Սրբութեան անցեալ 22 ապրիլ 2020-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի քարոզէն, որ կեդրոնացած էր Յովհաննէս աւետարանիչէն քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ.

«Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ անգամ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը։ Վասնզի Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ՝ որ աշխարհը դատէ, այլ՝ որպէսզի անով փրկուի աշխարհը։ Եւ այս է դատաստանը հաստատեց Յիսուս. Լոյսը աշխարհ եկաւ, եւ մարդիկ խաւարը աւելի սիրեցին՝ քան լոյսը, որովհետեւ իրենց գործերը չար էին։  ( Յովհ 3, 16-21)։» 

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղած էր թոյլ տալու որ Աստուծոյ սէրը, որով Յիսուս ղրկուեցաւ մեզ փրկելու համար, մուտք գործէ մեր մէջ, ու մուտք գործէ նաեւ լոյսը զոր Յիսուս իր հետ բերաւ, Սուրբ Հոգիին լոյսը՝  որպէսզի  մեզ օգնէ իրողութիւնները տեսնելու Աստուծոյ լոյսով, ճշմարիտ լոյսով եւ ոչ թէ խաւարի տիրոջ պարգեւած խաւարով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2020, 13:30