Կարդինալ Մարիան Եավորքի Կարդինալ Մարիան Եավորքի 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Կարդինալ Մարիան Եավորսքիին մահուան առիթով։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին մտերիմ բարեկամը եւ որպէս եպիսկոպոս եւ Աստուածաբան սերտ գործակիցը Պենետիկտոս ԺԶ Պապին։

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան

Երեքշաբթի, 8 սեպտեմբերին, Կարդինալ Մարիան Եավորսքիին մահուան ի լուր,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ցաւակցագիր մը յղեց Քրաքովիոյ Արքեպիսկոպոս Մեթրոպոլիթ, գերապայծառ Եատրասցեսքիին։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը իր խոր ցաւը յայտնեց, ծիրանաւորին մահուան համար, միանալով Լեհաստանի եւ Ուքրանիոյ հաւատացեալներուն աղօթքներուն՝ հանգուցեալին հոգիին համար։

Ֆրանչիսկոս  Պապ Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց, Աւետարանի հաւատարիմ առաքեալին կեանքին եւ կատարած առաքելութեան համար։ Ան ապա  մեծ գնահատանքով յիշեց կարդինալ Մարիանի ակադեմիական գործունէութիւնը՝ ըլլայ որպէս գիտութեան մարդ, ըլլայ որպէս Աստուածաբանութեան դասատու ,Վարսավիայի եւ Քրաքովիայի եւ Լվին համալսարաններուն մէջ,՝ որպէս առաջին տեսուչ Քրաքովիոյ Աստուածաբանական համալսարանին։

«Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս միշտ յատուկէն է մատնանշած է ծիրանաւորին նպաստը՝ գիտական զարգացումին ծիրէն ներս գրեց ֆրանչիսկոս  Պապ աւեցնելով, «կարդինալ Մարիանի Եպիսկոպոսութեան կարգախօսը ՝ապրիլ քրիստոսին համար, միշտ ընկերացաւ անոր  կեանքին եւ սահմանե անոր ապրելակերպը, ընտրանքները, ու որոշումները։

Կարդինալ Մարիան եղած  է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ պապին բարեկամը, զօրակցելով Պապին եպիսկոպոսական եւ քահանայապետական առաքելութեան։ Ան  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին  վերջին օծումի կարգը կարարեց։
Նշեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւերեցնելով  «որպէս եպիսկոպոս եւ Աստուածաբան սերտ գործակիցը եղած է  նաեւ. Պենետիկտոս ԺԶ Պապին։ Բոլոր անոնք որոնք ճանչցած են ծիրանաւորը, անոնց սրտերու մէջ մնաց արդար, ազնիւ, քաջարին մարդու մը յիշատակը  որ միշտ սիրած է  եկեղեցին։ Կարդինալը որպէս աւանդ ձգեց քահանայական նուիրումի արժանավայել վկայութիւնը,  աւետարանի հաւատարմութիւնը, եւ հաւատացեալներուն հասարակութիւն համար պատասխանատուութիւնը։

Թող Ողորմած Յիսուս Քրիստոսը, որուն Կարդինալ Մարիան իր կեանքը նուիրեց ,թող զինք ընդունի իր արքայութեան մէջ
Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցագիրին մէջ որուն աւարտին իր առաքելական օրհնութիւնը փոխանցեց բոլոր ծիրանաւորներուն, եպիսկոպոսներուն, յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցողներուն,  Լեհաստանի եւ Ուքրանիոյ Աստուծոյ ժողովուրդին, եւ հանգուցեալին հարազատներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2020, 12:00