Կը վերսկսին հաւատացեալներու մասնակցութեամբ ընդհանուր ունկնդրութիւնները՝ Վատիկանի Սան Տամազօ գաւիթին մէջ։

Սան Տամազոյի գաւիթը Վատիկանի առաքելական պալատի կեդրոնական գաւիթն է ուր ընդհանրապէս կ՛ընդունուին կառավարութիւններու եւ Պետութիւններու ներկայացուցիչները, դեսպանները, հնգամեայ կանոնական այցելութեամբ Հռոմ ժամանած եպիսկոպոսները ու բոլոր անոնք որոնց ունկնդրութիւն ունին Քահանայապետին հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Բացառիկ է 2 սեպտեմբեր 2020-ի չորեքշաբթի օրուայ Քահանայապետական հրապարակային ունկնդրութիւնը։ Բացառիկ է նման մեր ապրած համաճարակի ժամանակներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Բացառկութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, թէ գրեթէ վեց ամիս ընդհատումէ ետք, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որ մինչեւ անցեալ ամիս տեղի ունեցաւ առցանց ու հեռարձակուեցաւ ուղիղ եթերով, առաքելական պալատի մատենադարանէն, 2 սեպտեմբերէն սկսեալ դարձեալ  տեղի կ՛ունենայ  հաւատացեալներու ներկայութեամբ։  Իսկ բացառկութիւնը յատկանշող երկրորդ իրադարձութիւնը այն է՝ թէ առաջին անգամուան համար ընդհանուր ունկնդրութիւնը կը կայանայ Վատիկանի «Սան Տամազօ» Գաւիթին մէջ։

Առաւօտ կանուխէն բազմաթիւ հաւատացեալներ ներխուժեցին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին աջ կողմը գտնուող՝ Պրօնզէ դուռը, որ 1663 թուականէն ի վեր առաքելական պալատի մուտքի պաշտօնական դուռն է, որտեղէն, յարգելով քորոնա ժահրի տարածման կանխարգիլման ուղիով որդեգրուած միջոցները, առաջնորդուեցան դէպի Սան Տամազօ գաւիթ։

Սան Տամազոյի գաւիթը Վատիկանի առաքելական պալատի կեդրոնական գաւիթն է, ուր ընդհանրապէս կ՛ընդունուին կառավարութիւններու եւ Պետութիւններու ներկայացուցիչները, դեսպանները, հնգամեայ կանոնական այցելութեամբ Հռոմ ժամանած եպիսկոպոսները ու բոլոր անոնք որոնք ունկնդրութիւն ունին Քահանայապետին հետ։ Ճիշտ այդ հրապարակին վրայ է ապա, որ ամէն տարուայ վեց մայիսին Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամները կը կատարեն երթումի հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Սան Տամազօ գաւիթը շրջապատուած է կարեւոր երեք շէնքերու ճակատներով։ Արեւմտեան կողմը կը գտնենք Քահանայապետական հին պալատի ճակատը, վայրը՝ ուր Քահանայապետերը իրենց բնակութիւնը հաստատեցին մինչեւ 1377 թուական։ Հիւսիսային կողմը կը գտնենք Գրիգոր ԺԳ Քահանայապետին պալատը, մինչ արեւելեան կողմը բարձրացած է Սիքստոս Ե Քահանայապետի պալատը ուր կը գտնուին Քահանայապետական բնակարանները, թէեւ 2013էն ի վեր անոնք դատարկ են տրուած ըլլալով՝ որ Ֆրանչիսկոս Պապը նախընտրած է ապրիլ Տոմուս Սանթա Մարթայի շէնքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2020, 06:38