Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Sonnenschein» անուան կեդրոնի փոքրիկ հիւրերը։

Իւրաքանչիւր ծաղիկ ունի իր յատուկ գեղեցկութիւնը։ Նաեւ իւրաքանչիւրս մեզմէ Աստուծոյ աչքերուն գեղեցիկ է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր, 21ին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հոգեբանական կծկումի կամ ներանձնացումի ախտէն տառապող Sonnenschein”անուան կեդրոնի փոքրիկ հիւրերը։

Ունկնդրէ լուրը

Ողջունելով կեդրոնին փոքրիկ հիւրերը, ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ. 

«Ուրախ եմ  ձեր դէմքերուն ականատես եղայ կը տեսնեմ  ,որ դուք եւս ուրախ էք, քիչ մը իմ հետս գտնուելնուդ համար։ Ձեր տունը  “Sonnenschein”,կը կոչուի այսինքն արեւի փայլ։ Կրնամ երեւակայել ,թէ ինչու համար ձեր պատասխանատուները այդ անունը ընտրեցին, որովհետեւ ձեր տունը կարծես գեղեցիկ պարտէզ մը ըլլար՝ ծաղկած արեւի շքեղութեան տակ ու այդ տան ծաղիկները դուք էք։ Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով Աստուած աշխարհը ստեղծեց բոլոր գոյներու ծաղիկներու մեծ բազմազանութեամբ։ «Իւրաքանչիւր ծաղիկ ունի իր յատուկ գեղեցկութիւնը։ Նաեւ իւրաքանչիւրս մեզմէ Աստուծոյ աչքերուն ՝գեղեցիկ է, բոլորս  սիրելով։ Այս մէկը մեզի զգալ կու  տայ, որ պէտք ենք Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել։ Շնորհակալութիւն կեանքի պարգեւին համար, բոլոր արարչագործութիւն համաr ։ Շնորհակալութիւն մեր ընտանիքներուն, հօր, մօր։»

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելու կարեւորութեան վրայ նշել, որ Աստուծոյ գոհութիւն յայտնել , գեղեցիկ աղօթք է, որ Աստուծոյ շատ հաճելի է  ան ապա խրախուսեց պատանիները  որ իրենց աղօթքներուն մէջ՝ ամուր հաւատքով,  Յիսուսի օգնութիւնը հայցեն իրենց հայրերու, մայրերուն,  մեծ հայրիկներուն ու մայիկներուն համար ինչպէս նաեւ Պապին համար,  

Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս պապ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց պատանիներու հայրերու ու մայրերուն ինչպէս նաեւ անոնց ընկերացողներու ու ընկերակցութեան նախագահին

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն գեղեցիկ ձեռնարկին համար  ինչպէս նաեւ ընկերակցութեան անդամներուն յանձնառութեան փոքրիկներուն  ի նպաստ,  յիշելով Յիսուսի խօսքը «այն  ինչ որ ըրիք  այս փոքրիկներուն մէկուն  համար, ինծի համար ըրիք։»

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը, ապահովցնցելով իր աղօթքը  խնդրելով , որ անոնք եւս  աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2020, 11:06