Միջերկրական ծովուն մէջ փախստականներ Միջերկրական ծովուն մէջ փախստականներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Սահմանները, որոնք միշտ նկատուած են, որպէս բաժանումի պատնէշներ, ընդհակառակը անոնք կրնան պատուհաններ եւ փոխճանաչման վայրեր  դառնալ»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց “Snapshots from the borders” ձայներ եւ փորձարարութիւններ սահմաններէն» ծրագիրի մասնակիցները, ընկերակցութեամբ Լեզւոս կղզիի քաղաքապետին

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան

Հինգշաբթի, 10 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց “Snapshots from the borders” «ձայներ եւ փորձարարութիւններ սահմաններէն» ծրագիրի մասնակիցները, ընկերակցութեամբ Լեզւոս կղզիի քաղաքապետին։

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց ներկաներուն ձեռնարկած ծրագիրը,  որ կը հայի «գաղթականները լաւապէս հասկնալու եւ որ եւրոպայի ընկերութեան թոյլ կու տայ առաւել մարդկային եւ համակարգուած կերպով պատասխանելու ժամանակակից գաղթականութեան մարտահրաւէրներուն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Ան ապա անդրադառնալով ժամանակակից գաղթականութեան իրավիճակին նշեց, թէ  գաղթականութեան մարտահրաւէրները,  բազմատեսակ են եւ կը հային բոլորին։»

«Ոչ մէկը կրնայ անտարբեր մնալ ,մարդկային աղէտներուն դիմաց, որոնք տակաւին կը  շարունակուին աշխարհի տարբեր մարզերէն ներս, որոնց շարքին Միջերկրական ծովը։»ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Ան ապա այդ գծով մէջբերեց, անցեալ փետրուարին, Պարի քաղաքի մէջ տեղի ունեցած եպիսկոպոսներուն ժողովին ընթացքին արտասանած խօսքէն հատուած մը «Միջերկրականի մէջ կան մարդիկ, որոնք փախուստ կու տան պատերազմներէն, կամ ալ իրենց հողերը թողուցին, արժանավայել կեանք որոնելու համար։ Բոլորս իրազեկ ենք, որ տարբեր ընկերային խաւերէն ներս համատարածուած է անտարբերութեան իմաստն ու նոյնիսկ մերժումի իմաստը։ Միջազգային ընտանիքը կեդրոնացաւ ռազմական միջոցառումներուն վրայ, մինչ՝ անհրաժեշտ է կառուցել հաստատութիւններ, որոնք կ՝ապահովուեն հաւասար հնարաւորութիւններ եւ վայրեր, ուր քաղաքացիները հնարաւորութիւնը կ՝ունենան ստանձնելու հասարակաց բարիքը։ (Ճառ 23 փետրուար 2020)։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց, «այդ մարտահրաւէրներուն դիմաց, ի յայտ եկաւ պահանջը շօշափելի զօրակցութիւններուն եւ բաժանուած պատասխանատու թեան՝ ազգային եւ միջազգային մակարդակի վրայ։

Անդրադառնալով ներկայի համաճարակի համաշխարհային տագնապին, Սրբազան Պապը նկատել տուաւ, որ «համաճարակը ընդգծեց մեր փոխկապուածութիւնը. մենք բոլորս կապուած ենք մէկը միւսին հետ, ըլլայ վատին ըլլայ լաւին մէջ։ Պէտք ենք միասին գործենք՝ եւ ոչ միայնակ։ Հիմնական է նաեւ  փոխել գաղթականութեան մասին տեսնելու եւ պատմելու  ձեւը, հարկ է կեդրոն զետեղել անձերը, դիմագիծերն ու պատմութիւնները։   Ահա այս է ձեր ծրագիրներուն կարեւորութիւնը, ծրագիրներ ներշնչուած հանդիպումի մշակոյթէն։ Ըսաւ ֆրանչիսւոս Պապ աւելցնելով «Սահմանները, որոնք միշտ  նկատուած են, որպէս բաժանումի պատնէշներ, ընդհակառակը կրնան պատուհաններու վերածուիլ  եւ դառնան փոխճանաչման վայրեր , փոխադարձ հարստութեան վայրեր, տարբերութեան մէջ հաղորդութեան վայրեր, ուր կը փորձարկուին տիպարներ,  դժուարութիւնները յաղթահարելու համար։»  


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը աւարտեց քաջալերելով ներկաները շարունակելու միասնաբար գործել հանդիպումի եւ զօրակցութեան մշակոյթի ի խնդիր։ Ան Ապա Տիրոջ օրհնութիւնները ու Տիրամօր հովանին հայցեց բոլորին վրայ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2020, 12:00