Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը դպրոցներու անվտանգութեան համար, կրթութեան միջազգային առաջին օրուան առիթով։

Կը յորդորեմ միջազգային ընտանիքը, որ ջանք թափեն, որպէսզի յարգուին երիտասարդները պաշտպանող կառոյցները ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբերին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց զինուած բախումներու շրջագիծէն ներս, յարձակումներէն պաշտպանուելու կրթութեան առաջին միջազգային օրուան առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

«Այսօր զինուած բախումներու ծիրէն ներս, յարձակումներէն պաշտպանուելու կրթութեան առաջին միջազգային օրն է։
Կը հրաւիրեմ աղօթելու ահաբեկչութեան եւ պատերազմներուն հետեւանքով,կրթութեան իրաւունքէն ծանրապէս զրկուած աշակերտներուն համար։

Կը յորդորեմ միջազգային ընտանիքը, որ ջանք թափեն, որպէսզի յարգուին երիտասարդները պաշտպանող կառոյցները ։

Թող չխնայուին ջանքերը, ապահովուելու համար անոնց ապահով միջավայրը, յատկապէս մարդկային հրատապ կացութեան մէջ։» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2020, 10:05