Հայր Ռոպերթօ Մալճեզինի Հայր Ռոպերթօ Մալճեզինի 

«Բարեսիրութեան մարտիրոսը». Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց Քոմօ քաղաքի մէջ սպաննուած քահանան։

Հայր Ռոպերթոյի մարմինը երէկ առաւօտեան ժամը 7-ին յայտնաբերուեցաւ Քոմօ քաղաքի կեդրոնը գտնուող Սան Ռոքքօ եկեղեցւոյ մօտ, ուր կը բնակէր Քահանան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 16 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Վատիկանի Սան Տամազօ գաւիթէն ներս  գլխաւորած ընդհանուր ունկնդրութեան  աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց յատուկէն  յիշել երէկ՝ 15 սեպտեմբերին,  Քոմօ քաղաքի մէջ սպաննուած Հայր Ռոպերթօ Մալճեզինին։

Ունկնդրէ լուրը

«Կ՛ուզեմ յիշել Հայր Ռոպերթօ Մալճեզինին, Քոմօ թեմի քահանան, որ երէկ սպաննուեցաւ ուղեղային խանգարում ունեցող  կարիքաւորի մը ձեռքով, որուն հոգ կը տանէր նոյնինքն Հայր Ռոպերթոն։ Կը միանամ անոր ընտանիքի, եւ Քոմոյի հասարակութեան ցաւին եւ աղօթքներուն եւ ինչպէս ըսաւ անոր Եպիսկոպոսը՝ գոհաբանութիւն կը մատուցեմ Աստուծոյ Հայր Ռոպերթոյի վկայութեան համար, այսինքն անոր նահատակութեան համար՝  աղքատներուն նկատմամբ սիրոյ վկան։ Աղօթենք լռութեամբ Հայր Ռոպերթօ Մալճեզինիին համար ու բոլոր քահանաներուն, մայրապետներուն, աշխարհականներուն համար, որոնք կ՛աշխատին կարիքաւոր ու ընկերութենէն մնացորդ նկատուած անձերուն հետ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Յայտնենք թէ Հայր Ռոպերթոյի մարմինը երէկ առաւօտեան ժամը 7-ին յայտնաբերուեցաւ Քոմօ քաղաքի կեդրոնը գտնուող Սան Ռոքքօ եկեղեցւոյ մօտ, ուր կը բնակէր Քահանան։ Առաջին տուեալներու համաձայն Հայր Ռոպերթոն այդ ժամուն պիտի սկսէր իր առօրեայի գործունէութիւնը՝ ուտեստեղէն բաժնելով կարիքաւորներուն ու անտուններուն, բայց հաւանական է  որ մարդասպանը զինք կը սպասէր տունին մօտերը ու անոր վրայ յարձակելով զայն դաշունահարած է։

«Հայր Ռոպերթոն ճանչցուած էր որպէս աղքատներու եւ կարիքաւորներուն բարեկամ ու հայր» ու անոր մահուան լուրին ի տես անոնցմէ շատեր փութացին ոճիրին վայրը, որպէս երախտագիտութեան նշան ու մօտիկութեան արտայայտութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2020, 11:30