Որոնել

 Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու խորհուրդ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու խորհուրդ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու խորհուրդի տարեկան ընդհանուր նիստի առթիւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց որդեգրել դպիրին կեցուածքը, որ իր գանձէն կը հանէ նորն ու հինը։ (Մատթ 13,52)

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան    

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 25ին, ընթացք առաւ Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասերու խորհուրդի, առցանց գումարուած տարեկան ընդհանուր նիստը,   որուն այս տարուան նիւթն է  «Եկեղեցին Եւրոպայի մէջ համաճարակէն ետք։ Հեռանկարներ արարչագործութեան եւ հասարակութեան համար։»

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամը մը յղեց նշեալ խորհուրդի նախագահ կարդինալ Անճելօ Պանիասքոյին, յայտնելով  իր հոգեւոր մօտիկութիւնը խորհուրդի բոլոր եպիսկոպոսներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ գնահատեց եւրոպայի համահաւաք դասերուն խորհուրդին կողմէ ընրուած այս տարուան նիստի նիւթը, մաղթելով, որ եպիսկոպոսներուն սոյն հանդիպումը  նպաստաւոր ըլլայ Եւրոպայի ցամաքամասի եկեղեցական հասարակութիւններուն։

Անդրադառնալով ներկայ ժամանակուան համաճարակի տագնապին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ համավարակի փորձառութիւնը ազդեց բոլորին մտերմութեան վրայ, մարդոց միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ, յեղաշրջելով սովորութիւններն ու յարաբերութիւնները, փոփոխութեան ենթարկելով նաեւ կեանքի, ընկերային եւ տնտեսական  պայմանները։ 

«Նշանակալից ձեւով յեղաշրջումի ենթարկուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ կեանքը» գրեց ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ Եկեղեցին ստպիպուեցաւ վերակազմակերպելու կրօնական կեանքի պարտականութիւնները. բազմաթիւ հովուական ծառայութեան գործունէութիւնները տակաւին վերակազմակերպուելու սպասումի մէջ են ։

ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նշեց,  թէ բազմաթիւ տարեցներուն մահը, ընտանիքներուն ողբերգութիւնները, տուներու մէջ մեկուսացուած պատանիներու եւ երիտասարդներու ողբալի կացութիւնը, ստիպեցին քահանաներն ու կրօնաւորները յայտնաբերելու հովուական ծառայութեան նոր քաջարի ուղիներ։

Ան ապա քաջալերեց եւրոպայի եպիսկոպոսները շարունակելու իրենց եղբայրսիրական գործունէութիւնները խոցելիներուն նկատմամբ, հրաւիրելով նաեւ քրիստոնեայ հասարակութիւնները հոգեպէս կարդալու կեանքի ապրումները, հասկնալու համար կեանքի փոխանցած ուսուցումները  եւ զատորոշելու համար ապագայի հեռանկարները։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց որդեգրել դպիրին կեցուածքը , որ իր գանձէն կը հանէ նոր ու հինը։ (Մատթ 13,52)

Սրբազան Հայր նամակը աւարտեց ապահովեցնելով իր աղօթքը եւ հայցելով  Սուրբ Կոյս Մարիամի , Պենետիկտոս ,  Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբերու բարեխօսութիւնը որպէսզի  Եւրոպայի հոգւոր առաջնորդները  կարենան իրենց հաւատացեալներուն մէջ տարածել հաւատքի վստահութիւնը։  Ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնները փոխանցելով եւրոպային եպիսկոպոսներուն , խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2020, 16:21