Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետին պատգամը 2020-ի Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի համաշխարհային օրուան համար։

Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի համաշխարհային օրուայ պատգամին մէջ Քահանայապետը կը յիշէ թէ «Երկրին Յոբելեանը» ժամանակաշրջան է ազատութիւն պարգեւելու ճնշուածներուն», եւ համաճարակէն օգտուելով « մշակելու, արժէքներ, կապեր եւ առաջացնող ծրագիրներ»։ Քահանայապետը կը դատապարտէ ապա Արարչագործութեան դէմ գործուած չարիքները ու կը խնդրէ ջնջել աղքատ երկիրներուն պարտքերը ապա կը հաստատէ՝ թէ «բոլորս կ՛ապրինք միակ հասարակաց տան մէջ, որպէս նոյն ընտանիքի անդամներ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ամէն տարի, յատկապէս «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական նամակէն ետք (24 մայիս 2015), սեպտեմբերի առաջին օրը քրիստոնեայ ընտանիքին համար Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի համաշխարհային օր է, որուն հետ կը սկսի Արարչագործութեան ժամանակը, որ կ՛աւարտի 4 հոկտեմբերին, ի յիշատակ Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին։ Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին, համայն աշխարհի  քրիստոնեաները կը վերանորոգեն իրենց հաւատքը Արարիչ Աստուծոյ մէջ եւ յատուկ կերպով կը միանան աղօթքի եւ հասարակաց տան պահպանման գործունէութեան»։ Այսպէս կը սկսի Ֆրանչիսկոս Պապին 2020-ի  Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի համաշխարհային օրուան պատգամը, ուր ան կ՛ակնարկէ համամիութենական ընտանիքի կողմէ 2020-ի Արարչագործութեան ժամանակը նշելու համար ընտրած նիւթին. «Երկրին Յոբելեան»ը, որ կը զուգադիպի «Երկրին Օրուան» տարեդարձի յիսուն ամեակին։

Սրբազան Պապը կ՛առաջարկէ անսալ ստեղծագործութեան սիրտի զարկին, համահունչ ըլլալ անոր հետ, վերագտնելու համար հասարակաց տան, Աստուծոյ ու մեր եղբայրներուն հետ յարաբերութիւնը։ Ան կը ներկայացնէ խոր մտածական մը՝ հայող երկրի յարգանքին, անոր մեզի նուիրած կենսամիջոցներուն ու մարդուն կողմէ անոր դէմ գործուած չարիքներուն, ակնարկելով «վերանորոգող արդարութեան» մը հարկաւորութեան։

Համաճարակը մեզ տարաւ խաչմերուկի մը դիմաց, կը գրէ Սրբազան Պապը, դիտել տալով թէ «Պէտք է այս վճռական ժամանակը օգտագործել վերջ դնելու համար կործանարար գործունէութիւններուն եւ մշակելու արժէքներ, յարաբերութիւններ եւ յառաջացնող ծրագիրեր»։

Քահանայապետին պատգամը յոյսով լի պատգամ մըն է եւ գործնական գետնի վրայ ուղեցոյց մը։ Ան ապա կոչ է՝ ուղղուած Երկրի մեծերուն, գործի անցնելու, սահմանելու համար երկրի ընդհանուր ջերմութիւնը եւ պաշտպանելու կենսաբազմազանութիւնը։

«Երկրին Յոբելեան»ը նիւթէն մեկնելով Սրբազան Հայրը կ՛անդրադառնայ Յոբելեանի մասին, նշելով որ Սուրբ Գիրգին մէջ ան սուրբ ժամանակ է՝ յիշելու, վերադառնալու, հանգստանալու, նորոգելու  եւ ուրախանալու համար։

Յիշելու եւ ետ վերադառնալու համար յոբելեան։

Յոբելեանը յիշելու ժամանակ է։ Յիշելու ՝ թէ մենք նախ եւ առաջ յարաբերութեան մէջ ենք Արարիչ Աստուծոյ հետ, եղբայրներու եւ քոյրերու հետ, որպէս միասնական ընտանիքի անդամ եւ բոլոր արարածներուն հետ, որոնք կ՛ապրին նոյն տան մէջ», կը գրէ Սրբազան Պապը նշելով թէ այս ժամանակն է հասկնալու, թէ կարելի է ներդաշնակ կերպով ապրիլ  արարչագործութեան հետ, երբ Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ ենք։ Այս կը նշանակէ ուրիշներուն՝ «աղքատներուն եւ դիւրաբեկներուն» նայիլ, ուրախալի հաղորդութեամբ, ուր մէկը միւսին թիկունք կը կանգնի։

Մենք ցանցի մը տէրերը չենք

«Պէտք է յիշենք թէ մենք ցանցի մը տէրերը չենք եւ հիմնական է անսալ խուճապի ահազանգերուն, ինչպէս են կենսաբազմազանութեան ոչնչացումը, կլիմայական աղէտներու աճումը, համաճարակի անհաւասար ազդեցութիւնը աւելի աղքատ եւ դիւրաբեկ մարդոց վրայ» կը գրէ Սրբազան Պապը նշելով՝ որ «այս բոլորը արդիւնքն են անսանձ սպառումի ագահութեան»։

Քահանայապետը կը հրաւիրէ վերագտնել Արարչագործութիւնը գովաբանելու կարողութիւնը, դաս քաղելով բնիկ մեր եղբայրներէն, որոնք «ներդաշնակութեամբ կ՛ապրին հողին հետ»։

Հանգիստի Յոբելեան։

Յոբելեանը ժամանակ է նաեւ հանգստեան, Երկրին հանգստեան, այնպէս ինչպէս տեղի ունեցաւ համաճարակի ընթացքին, ուր վերագտանք աւելի պարզ եւ կայուն ապրելակերպ մը։

Համաճարակը մեզ առաջնորդեց խաչմերուկի մը,  ուր մենք պէտք է քննարկենք մեր ուժանիւթի օգտագործման սովորութիւնները, սպառումի, փոխադրութեան եւ սնունդի օգտագործման սովորութիւնները։

Ջնջել աղքատ երկիրներուն պարտքերը

Մենք պէտք է մեր տնտեսութիւնէն դուրս դնենք ոչ էական եւ վնասակար յատկութիւնները ու ստեղծենք ապրանքներու, առևտուրի, արտադրութեան և փոխադրման արդիւնաւէտ եղանակներ», կը թելադրէ Սրբազան Պապը ու կ՛ակնարկէ «վերանորոգիչ արդարութեան», դարձեալ նորոգելով իր կոչը՝ ջնջելու աղքատ երկիրներուն պարտքերը, յատկապէս Քովիտ 19 համաճարակի պատճառած առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքներու լոյսին ներքոյ։

«Հարկաւոր է նաեւ հսկել վերականգնումի խթաններուն վրայ, որպէսզի անոնք ըլլան արդիւնաւէտ, դիմելով քաղաքականութեան, օրէնսդրութեան եւ ներդրումներու, որոնք հիմնուած ըլլան հասարակական բարիքին վրայ» կը յիշեցնէ հուսկ Սրբազան Պապը, մտահոգութիւն յայտնելով մեր այժմ ապրած կլիմայական տագնապին համար ու յորդորելով սահմանել մոլորակի ջերմութեան աստիճանի աճումը։

Սրբազան Պապը կ՛ակնարկէ հուսկ Միացեալ Թագաւորութիւններու Կլազկովի մէջ նշուելիք վեհաժողովին (COP 26) ինչպէս նաեւ Չինաստանի Քումմինկի գագաթնաժողովին (COP 15) կոչ ուղղելով համագործակցութեան, իրականացնելու համար այդ ժողովներէն բխած որոշումները ի նպաստ հասարակաց տան։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ յատուկէն  կ՛ անդրադառնայ բնիկ ժողովուրդներուն, որոնք թիրախ են «զարգացած երկիրներու» շահագործումներուն, այս մէկը նկատելով «նոր գաղութատիրութիւն», ինչպէս զայն որակած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ։

«Պէտք է ամրացնել ազգային եւ միջազգային  օրէնսդրութիւնը կարգաւորելու համար ընկերութիւններու գործունէութիւնը արդարութիւն ապահովեցնելով բոլոր անոնց՝ որոնք վնասներ կը կրեն» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը։

Յոբելեանը որպէս ուրախութեան ձեռնարկ յոյսով նայելու համար ապագային։

«Գիտենք՝ թէ անցնող տարիներու ընթացքին, Երկրին եւ աղքատներուն ճիչը դարձաւ միշտ աւելի աղմկալից։ Միաժամանակ սակայն ականատես ենք՝ թէ ինչպէս Սուրբ Հոգին կը ներշնչէ անձեր եւ հասարակութիւններ, որպէսզի միանան հասարակաց տան կառուցումի եւ դիւրաբեկներու պաշտպանութեան աշխատանքին», կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշելով բազմաթիւ մարդոց գործունէութիւնը, որոնք յանձնառու են երկրի եւ աղքատներու պաշտպանութեան աշխատանքին մէջ, այս առընչութեամբ դրուատելով անոնցմէ մի քանիները։ Ան ապա կը յիշեցնէ, որ Արարչագործութեան Ժամանակը համամիութենական ձեռնարկ է, ու մաղթանք կը յայտնէ՝ որ միշտ աւելիով աճի գիտակցութիւնը, թէ բոլորս մաս ենք միակ մարդկային ընտանիքի մը, որ կը բնակի հասարակաց տան մէջ, Աստուծոյ տունը, վայրը՝ ուր Սուրբ Հոգին կը նորոգուի.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2020, 12:00