Խաղաղութեան գիտելիքի համար Խաղաղութեան գիտելիքի համար 

Խաղաղութեան գործիչը այսօր՝ իրատեսութիւն եւ մարդկայնութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ։

Բարի խաղաղարար մը պէտք է ըլլայ կարող հասունցնելու աշխարհի եւ պատմութեան նկատմամբ հայեցաք մը, որ ունենայ ընկերաբանական մօտեցում եւ ունենայ ձգտումը ողջագուրելու իրականութիւն իր ամբողջութեամբ չէզոք եւ հականեխիչ տեսութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի հրատարակչատունը ի լոյս ընծայեց հեղինակ Կիլֆրէտօ Մարէնկոյի «Խաղաղութեան գիտելիքի համար» բնաբանով հատորը, որուն նախաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը,  ուր ան խօսքը ուղղելով յատկապէս երիտասարդներուն՝ որոնք միտք ունին մասնագիտանալու «Խաղաղութեան գիտութեան մէջ» կը հաստատէ՝ թէ ուսմունքի հաճոյքին պէտք է ընկերանայ Աւետարանէն ներշնչուած սիրտ մը, որ կարող է կիսել այսօրուայ մարդոց յոյսերն ու անձկութիւնները։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապը արդարեւ կ՛ընդգծէ հարկաւորութիւնը ներդրում կատարելու երիտասարդներու վրայ դիմագրաւելու համար ժամանակակից ընկերութիւնը յատկանշող պատերազմի եւ բռնութեան մթնոլորտը։

Ապագայի հեռանկարով հատորին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով վերջերս իր կողմէ հաստատուած «խաղաղութեան գիտութեան» դասընթացքներու շարքը Լատերանեան Քահանայապետական համալսարանի մօտ  կը բացատրէ հարկաւորութիւնը սահմանելու խաղաղութեան գործիչի ուրուագիծը։

«Լաւ խաղաղարար մը պէտք է ըլլայ կարող հասունցնելու աշխարհի եւ պատմութեան նկատմամբ հայեցաք մը, որ ունենայ ընկերաբանական մօտեցում եւ ունենայ ձգտումը՝ ողջագուրելու իրականութիւնը իր ամբողջութեամբ, չէզոք եւ հականեխիչ տեսութեամբ, սորվելով ըլլալ ուշադիր ժամանակներու նշաններուն, որպէսզի գիտնայ գործել աւետարանական իսկական խորաթափանցութեամբ»։

Հատորին մէջ պարունակուած գրութիւններու շարքին է նաեւ՝ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փօլ Կալլակէրի միջամտութիւնը  ինչպէս նաեւ Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն Քահանայապետական խորհուրդի վաստակաւոր նախագահ ու Գաղթականներու եւ թափառականներու հովուական խնամակալութեան քահանայապետական խորհուրդի երբեմնի նախագահ Կարդինալ Ռենաթօ Ռաֆֆայելէ Մարթինոյի մէկ զեկոյցը.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2020, 09:03