Դպորցական վերամուտ Դպորցական վերամուտ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընտանիքներուն. «Պատասխանատուութեան խոր զգացում դպրոցական նոր տարեշրջանին համար։»

Ֆրանչիսկոս Պապ բարի դպրոցական վերամուտ եւ բեղուն տարեշրջան մաղթեց բոլոր աշակերտներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը յղեց Լորեթոյի եւ Փոմփէի 13-րդ ազգային ուխտագնացութեան  առիթով, փոխանցելով Նորին Սրբութեան ողջոյնները՝ ընկերային հաղորադամիջոցներու միջոցաւ, հոգւով ու սրտով իրենց մասնակցութիւն բերող ընտանիքներուն։ Պատգամի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց նաեւ, որ դպրոցական նոր տարեշրջանը ապրուի պատասխանատուութեան զգացումով եւ  երիտասարդները միշտ կեդրոն զետեղուին։  

Ունկնդրէ լուրը

Յանուն ֆրանչիսկոս Պապին, կարդինալ Փարոլին պատգամը յղեց Իտալիոյ  եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար, գերապայծառ Սթէֆանօ Ռուսոյին, որ նախաձեռնողն է  Լորեթոյի եւ Փոմփէի  ուխտագնացութեան, որուն այս տարուան կարգախօսը քաղուած է Պօղոս Առաքեալին թուղթէն «Ուրախ եղէք, իրար զիրար քաջալերեցէք, եւ ունեցէք միեւնոյն զգացումները։ Նշենք թէ այս տարի
նշեալ Ուխտագնացութեան իրենց մասնկացութիւնը բերին քիչ թիւով հաւատացեալներ, Քովիտ 19 տարածման կանխարգիլման համար որդեգրուած օրէնքներուն պատճառաւ։
Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց եւ բարձր արժեւորեց ուխտագնացութեան կազմակերպիչներն ու համագործակիցները, որովհետեւ նշած է ան , քովիտ 19 ի համաճարակի առողջապահական դժուար պայմաններուն անոնք կարողացան վկայութիւն տալ իրեն հաւաքի ու զօրակցութեան, որպէսզի   իւրաքանչիւր հաւատացեալ, կարենայ ուժ քաղել  աղօթքէն եւ եղբայրական հաղորդութենէն յառաջ ընթանալու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ  յորդորեց, որ  դպրոցական նոր տարեշրջանը  ապրուի պատասխանատուութեան հոգիով  ու նոր տեսլականով , որուն  դերակատարները ընտանիքներն են ,միշտ կեդրոն զետեղելով պատանիներն ու պատանուհիները։ «Անոնց առողջ աճը, լաւ կազմաւորումը, պայման է խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագայի  համայն ընկերութեան համար»։ նշուած է  ընտանիքներուն ուղղուած պատգամին մէջ։

Կարդինալ Փարոլինը պատգամը աւարտած է ապահովեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը հաւատացեալներուն, որպէսզի Սուրդ Կոյս Մարիամի բարխօսութեամբ, բոլոր  քրիստոնեայ ընտանիքները՝  իտալիոյ եւրոպային եւ համայն աշխարհի մէջ շարունակեն ձեւաւորել այն մեծ աղբիւրը որմէ կը հոսի կեանք հաւատք, յոյս սէր, Աստուծոյ ժողովուրդին եւ համայն եւ ընկերութեան մէջ։ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2020, 12:43