Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս Ֆրանչիսկոս Պապ ու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս 

Նիու Եորք կատարած պատմական այցէն հինգ տարիներ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը պիտի ուղղէ ՄԱԿ-ին

2015-ի սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապը այցելած էր ՄԱԿի Նիու Եորքի կեդրոնը իր պատգամը ուղղելով բոլոր աշխարհի պետութիւններու ներկայացուցիչներուն, շեշտը դնելով աղքատներու եւ կլիմայական փոփոխութիւններու նկատմամբ ուշադրութեան վրայ։«Աշխարհը կը պահանջէ հրատապ եւ արդիւնաբեր լուծումներ» ըսած էր այդ առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս պիտի խօսի ՄԱԿ-ին, պատգամի մը միջոցաւ։ Լուրը կը հաստատէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Մաթթէօ Պրունին։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր հաւաքի 75րդ նստաշրջանին առթիւ Քահանայապետը պատգամ մը պիտի ուղղէ այդ հաւաքի բոլոր մասնակիցներուն։

Անցեալ 15 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար՝ Անթոնիօ Կութերէս ներկայացնելով այս կարեւոր ժամկէտը, կոչ ուղղեց բոլոր կառավարութիւններուն, որպէսզի յարգուի իր անցեալ Մարտ ամսոյն մէջ  կատարած 2020 տարուայ համար համաշխարհային զինադադարի կոչը։

«Քորոնավիրուսը այսօր հիմնական սպառնալիքն է մեր աշխարհի տիեզերական անվտանգութեան համար, այս է պատճառը, որուն համար Մարտին խնդրեցի համընդհանուր զինադադար մը» ըսաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը որ լրագրողներուն հետ խօսելով բացատրեց նաեւ թէ կան յոյսի ու խաղաղութեան ի նպաստ առնուած քայլեր ու թէ Սուրիոյ, Լիպիայի, Ուքրանիայի մէջ եւ այլուր զինադադարը եւ հակամարտութիւններու դադրեցումը կարող են ստեղծել դիւանագիտութեան համար կարելիութիւններ։

Կանխելով ընդհանուր նստաշրջանի ընթացքին շօշափուելիք նիւթերը, որոնց շարքին է նաեւ կլիմայական հարցը Անթոնիօ Կութերէս ընդգծեց այս տարուայ հաւաքին կարեւորութիւնը, դիտել տալով՝ որ «պէտք է շարունակենք պայքարիլ քորոնավիրուսի դէմ ամրապնդելով առողջապահական համակարգերը ու թիկունք կանգնելով խնամքի եւ պատուաստանիւթի հաւասար բաշխումի եւ խթանումին, սակայն պէտք է նաեւ պատրաստուինք կառոցելու աւելի զօրեղ վերականգնում հիմնուած 2030 օրակարգի եւ Փարիզի համաձայնագիրի վրայ», յայտնեց Կութերէս։

Նշենք թէ ճիշդ հինգ տարիներ առաջ՝ 2015-ի սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապը այցելած  էր ՄԱԿի Նիու Եորքի կեդրոնը, Միացեալ Նահանգներ կատարած  առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, իր պատգամը ուղղելով բոլոր աշխարհի պետութիւններու ներկայացուցիչներուն, շեշտը դնելով աղքատներու եւ կլիմայական փոփոխութիւններու նկատմամբ ուշադրութեան վրայ։«Աշխարհը կը պահանջէ հրատապ եւ արդիւնաբեր լուծումներ» ըսած էր այդ առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2020, 14:39