Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացցին տաճարը։ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացցին տաճարը։ 

«Fratelli Tutti» - Ամէնքս եղբայրներ - Ֆրանչիսկոս Պապ իր երրորդ շրջաբերականը պիտի ստորագրէ Ասիզիի մէջ՝ յառաջիկայ 3 հոկտեմբերին

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի յայտարարութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը  Tutti Fratelli«Ամէնքս եղբայրներ» տիտղոսակիր, եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան վերաբերեալ իր երրորդ շրջաբերականը պիտի ստորագրէ, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին տաճարին մէջ՝ Սուրբին դամբարանին մօտ,  յառաջիկայ 3 հոկտեմբերին, առանց հաւատացեալներուն ներկայութեան։ Այս մասին յայտարարեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, տիար Մաթթէօ Պրունի։

Ունկնդրէ լուրը

ֆրանչիսկոս Պապը «Ամէնքս եղբայրներ»շրջաբերակնի տիտղոսի ներշնչումը քաղած է Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին գրութիւններէն.« եղբայրներ, ամէնքս նայինք բարի հովիւին, որ իր ոչխարները փրկելու համար կրեց խաչին տառապանքը։ (Յորդորներ 6, 1: 155)։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր երրորդ շրջաբերականը պիտի ստորագրէ 3 հոկտեմբրեին, յետմիջօրէին, ժամը 3-ին, Ասսիզի գիւղաքաղաք հասնելէ եւ սրբավայրին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցելէ ետք՝ առանց հաւատացեալներու ներկայութեան, համաճարակի առողջապահական տագնապի պատճառաւ։ Նշուած է միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2020, 14:21