Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը «Սուրբ Պետրոս» ընկերակցութեան անդամներուն հետ։

Մեր ապրած քաղաքներու վէրքերուն ականատես ըլլալէ ետք ողորմածութիւնը խթան կը դառնայ ստեղծագործական ձեռքեր ունենալու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 25ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց «Սուրբ Պետրոս» անուան ընկերակցութեան անդամները։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ ընկերակցութեան կարգախօսին՝ աղօթք, գործողութիւն, զոհողութիւն։

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ գործողութիւն բառին մասին, տրուած ըլլալով որ անցեալ տարի  ընկերակցութեան անդամներուն հետ հանդիպումի ընթացքին զրուցեց աղօթքին մասին։

Ան դիտել տուաւ, որ համաճարակի հետեւանքով  միջ անձնային հեռաւորութեան պայմանները փոփոխութեան ենթարկեց եղբայրասիրական շօշափելի գործունէութիւններու ձեւերը՝հռոմի աղքատներուն ի սպաս։

Կարիքաւորներուն օգնութեան հասնելու շարքին աւելցաւ նաեւ  ընտանիքներուն օգնութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը , որոնք մէկ օրէն միւս օր, դէմ յանդիման գտնուեցան տնտեսական ծանր սեղմումներուն դիմաց ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապ աւելցնեով, որ այդպիսի արտակարգ կացութեան դիմաց չէ  կարելի սովորական պատասխան գտնել,  այլ անհրաժեշտ է նոր եւ տարբեր գործողութիւններ ձեռնարկել, որոնք կը կայանան  բաց սիրտ ունենալու մէջ եւ գիտեն նայիլ ընկերութեան վէրքերուն, ունենալով ստեղծագործական ձեռքեր  ՝եղբայրասիրական գործունէութիւններուն շրջագիծէն ներս, ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան ապա  թելադրեց կարգ մը հրատապ եւ առաջնահերթ կէտեր։ Առաջին ՝յայտնաբերել աղքատութեան նոր ձեւերը՝ արագ փոփոխութեան ենթարկուող քաղաքին մէջ. նիւթական աղքատութիւնը, մարդկային եւ ընկերային աղքատութիւնները,  որոնց պէտք է նայիլ սիրտի աչքերով՝ սրտանց կրել կարենալու համար ուրիշին կեանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց ողորմածութեան փորձառութեան հրամայականը նկատել տալով, որ ողորմածութիւն կը նշանակէ սիրտը նուիրել  թշուառներուն։ Ան յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին խօսքը. « կարծես թէ աշարհին մէջ տեղ չմնաց ողորմածութեան, պէտք է մեր գործընթացը փոխել եւ այս կատարելու համար անհրաժեշտ է թոյլտուութիւն տալ, որ Աստուծոյ ողորմածութեան զօրութիւնը դպչի բոլորիս։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ մեր ապրած քաղաքներուն վէրքերուն ականատես ըլլալէ ետք,  ողորմածութիւնը խթան կը դառնայ ստեղծագործական ձեռքեր ունենալու։ Այս առնչութեամբ, Ան յիշեց Սուրբ Պետրոսի անուան ընկերակցութեան երիտասարդներու մէկ փոքրիկ ժեսթը տարեցներուն նկատմամբ։ Երիտասարդները համաճարակի տագնապի օրերուն հեռախօսով կապ պահեցին տարեցներուն հետ։ Դա ողորմածութեան երեւակայութիւն է։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ան ապա քաջալերեց ընկերակցութեան ադամները ուրախութեամբ շարունակելու իրենց եղբայսիրական գործերը, միշտ պատրաստակամ եւ ուշադիր ըլլալով աղքատներուն կարիքներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ու գնահատեց ընկերակցութեան՝ սուրբ Պետրոսի գանձանակին համար,  եկեղեցիներուն եւ քաղաքներու մէջ կատարած դրամահաւաքին համար ։

Հայցելով Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր ու  Հռոմ քաղաքի պաշտպան սուրբեր՝ Սուրբ Պետորս , Սուրբ  Պօղոս առաքեալներուն հովանին,  ֆրանչիսկոս Պապ ընկերակցութեան անդամներէն խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2020, 11:29