Զոհերէն մէկուն յիշատակին։ Զոհերէն մէկուն յիշատակին։  

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Իտալիոյ Քորինալտոյի գիշերային ակումբի մէջ մահացած պատանիներու ընտանիքներուն հետ։

Սրբազան Պապը նշեց, թէ «ամէն մէկ ողբերգական մահ իր հետ կը բերէ մեծ ցաւ մը։ Սակայն երբ մահը յափշտակէ հինգ պատանիներ ու երիտասարդ մայր մը այդ ցաւը կը դառնայ հսկայական եւ անտանելի առանց Աստուծոյ օգնութեան»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 12 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ 8 դեկտեմբեր 2018-ին Իտալիոյ Քորինալտոյի գիշերային ակումբի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութեան զոհերու ընտանեկան պարագաներուն հետ ու այս առթիւ անոնց ուղղած իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց՝ թէ ինք այդ ժամանակ «մեծապէս ազդուած մնացած էր պատահածէն» ու, թէ այդ «պատահարը նման այլ դէպքերու կարող է մոռացութեան մատնուիլ ու, թէ այս հանդիպումը առիթ է յիշելու եւ չի մոռնալու»։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը հուսկ նշեց, թէ «ամէն մէկ ողբերգական մահ իր հետ կը բերէ մեծ ցաւ մը։ Սակայն երբ մահը յափշտակէ հինգ պատանիներ ու երիտասարդ մայր մը այդ ցաւը կը դառնայ հսկայական եւ անտանելի առանց Աստուծոյ օգնութեան»։

«Ես չեմ ուզեր խօսիլ արկածի պատճառներու մասին սակայն բոլոր սրտով կը միանամ ձեր տառապանքին ու ձեր արդարութեան պահանջի իղձին» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ներկաներուն հրամցնելով հաւատքի, մխիթարութեան եւ յոյսի խօսքեր։

Ան յիշեց որ Քորինալտօն կը գտնուի այն տարածքին վրայ, որուն վրայ կը հսկէ Լորէթոյի Տիրամայրը, հրաւիրելով Տիրամօր մտածել, որպէս Մայր մը՝ որ երբեք իր հայեացքը այլուր չի դարձուց անոնցմէ ու յատկապէս այդ ցաւալի պահուն Ան իր քնքշութեամբ ընկերացաւ անոնց։

«Քանի անգամ անոնք աղօթած են «Ողջոյն քեզ Մարիամ»ը ըսելով. «Աղօթէ մեզի մեղաւորներուս համար,   այժմ եւ մեր մահուան ժամուն»։ Նոյնիսկ եթէ այդ քաոսական վայրկեաններուն անոնք այդ բառերը չի կրկնեցին, Տիրամայրը չի մոռնար մեր աղաչանքները» ըսաւ ի մէջ այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով նաեւ աղէտի թուականին՝ 8 դեկտեմբերը,  որ Անարատ Յղութեան տօնին օրն է։ «Այդ օրը, ըսաւ Ան, Մարեմեան Աղօթքի աւարտին աղօթեցի զոհերուն, վիրաւորներուն ու նաեւ ձեզի համար… եւ գիտեմ թէ շատեր ձեզի թիկունք կանգնեցան աղօթքով եւ սիրով»։

Իմ աղօթքս ձեզի համար կը շարունակուի հաստատեց հուսկ քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները միասնաբար աղօթել «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը Ասիայի, Պենետեթթայի, Տանիելէի, Էմմայի, Մաթթիայի եւ Էլէոնորայի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2020, 11:41