Կարդինալ Փարոլինը Լիբանանի մէջ Կարդինալ Փարոլինը Լիբանանի մէջ 

«4 սեպտեմբերը Լիբանանի համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան տիեզերական օր»։

Կարդինալ Փարոլինը Լիբանան մեկնած է Քահանայապետի որոշումով Լիբանանցի ժողովուրդին հետ միասին ապրելու համար նոյնինքն Քահանայապետի կողմէ հռչակուած Լիբանանի համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան տիեզերական օրը՝ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն մէկ ամիս անց։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Լիբանանը մինակ մի լքէք։ Լիբանանը պէտք ունի աշխարհին, ու աշխարհը  պէտք ունի այդ բազմազանութեան իւրայատուկ փորձառութեան՝ որ է Լիբանանը» Կարդինալ Փարոլինի խօսքերն են ասոնք, զոր ան արտասանեց Պէյրութի Մարոնիներու Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, քրիստոնեայ եկեղեցական Ղեկավարներու ներկայութեամբ։

Կարդինալ Փարոլինը արդարեւ Լիբանան մեկնած է Քահանայապետի որոշումով, Լիբանանցի ժողովուրդին հետ միասին ապրելու համար նոյնինքն Քահանայապետի կողմէ հռչակուած Լիբանանի համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան տիեզերական օրը՝ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն մէկ ամիս անց։

Միասին խաղաղութեան մէջ եւ պատասխանատուութեամբ։

«Մեր տառապանքը կարող է մեզ օգնել բիւրեղացնելու մեր դիտաւորութիւնները եւ զօրացնելու մեր վճռակամութիւնը խաղաղութեամբ եւ արժանապատուութեամբ միասին ապրելու համար ու պայքարելու՝ ի նպաստ աւելի լաւ կառավարութեան մը, որ խթանէ պատասխանատուութիւնը եւ թափանցիկութիւնը։ Միասին կարող ենք յաղթահարել բռնութիւնը, խթանելով ներառող քաղաքացիութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ հիմնական իրաւունքի եւ պարտականութիւններու վրայ», ըսաւ  ի մէջ այլոց Կարդինալ Փարոլին,  խնդրելով՝ որ պնդումներ կատարուին լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն վրայ. որպէսզի անկեղծութեամբ եւ գործնական գետնի վրայ խթանեն երիտասարդներու տաղանդները ու անոնց խաղաղութեան եւ աւելի լաւ ապագայի մը ձգտումները». Ծիրանաւորը հուսկ ընդգծեց զօրակցութեան գեղեցիկ օրինակները զոր տեղի ունեցան համայն Պէյրութի մէջ. «Ժեստեր՝ որոնք կը հզօրացնեն ապագայի նկատմամբ յոյսը» հաստատեց Ան։

Լիբանանը մինակ չէ։

«Լիբանանցիները պիտի վերակառուցեն իրենց երկիրը, բարեկամներու օժանդակութեամբ եւ հասկացողութեան, երկխօսութեան ու համակեցութեան հոգիով, որ եղած է միշտ անոնց յատկանիշը»։ Ասոնք եւս Կարդինալ Փարոլինի քաջալերական խօսքերն են, զոր Ան արտասանեց Հարիսայի Սրբավայրն մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։ Ան յիշեց վերջին տարուայ ընթացքին Լիբանանին դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ «տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական  ճգնաժամը», «Քորոնավիրուսի համաճարակը, որ աւելիով ծանրացուց իրավիճակը» եւ Պէյրութի աղէտալի պայթումը՝ որ մեծ թշուառութիւն յառաջացուց»։

«Շիտակ է որ լիբանանցիները կ՛ապրին յուսալքումի պահ մը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ու հաստատեց. «սակայն անոնք մինակ չեն», յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը ու նաեւ այլ երկիրներու շօշափելի աջակցութիւնը։  Ան ապա յիշեցնելով Տիրոջ խօսքերը, որոնք հրաւէր մըն են յոյսի, վերահաստատեց՝ թէ «Պէյրութը պիտի վերածնի իր մոխիրներու ընդմէջէն, երկխօսութեամբ եւ զօրակցութեամբ ու հանրային սեփականութեան նկատմամբ նոր մօտեցումով ու հասարակաց բարիքի յատուկ ուշադրութեամբ, որ կը հիմնուի օրէնքներու յարգանքի վրայ, պարտականութիւններու եւ համընդհանուր պատասխանատուութեան վրայ»։

Ապագայ մը որ տակաւին պէտք է շարադրուի Մարիամի՝ Հարիսայի Սուրբ Կոյսին մայրական հովանին տակ, որպէսզի, ինչպէս ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, Անոր շնորհիւ տարածուի «համակեցութեան բոյրը համայն Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ»։

Քահանայապետին կոչը

Անցեալ չորեքշաբթի 2 սեպտեմբերի Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Քահանայապետը Լիբանանին ի նպաստ ուղղած կոչին մէջ  հաստատած էր՝ թէ «Լիբանանը պէտք չէ թողուլ իրեն առանձնութեան մէջ։ Ան յոյսի երկիր է։ Նոյնիսկ պատմութեան խաւար օրերուն լիբանանցիները վառ պահեցին իրենց հաւատքը։ Լիբանանը Պետութենէ անդին ազատութեան պատգամ է, ան բազմազանութեան ու բազմակարծութեան տիպար է համայն աշխարհին համար»։ Ան ապա հրաւէր ուղղած էր բոլոր լիբանանցիներուն յուսալքումի չի մատնուելու, մինչ երկրին կառավարիչներուն խնդրեց  գործել թափանցիկութեամբ ապա կղերական դասին թելադրեց մօտիկ ըլլալ եւ ընկերանալ հաւատացեալներուն։

«Մեր աղօթքը մատուցենք համայն Լիբանանի համար ու Պէյրութի համար։ Մօտիկ ըլլանք բարեսիրութեան շօշափելի արարքներով» ըսած էր Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղելով քրիստոնեաներուն չի լքելու իրենց բնակարանները  եւ իրենց ժառանգութիւնը, «թոյլ մի տաք խորտակել երազն անոնց՝ որոնք հաւատացին Երկրի գեղեցիկ եւ բարգաւաճ ապագային» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2020, 09:00