Սուրբ Հերոնիմոս Սուրբ Հերոնիմոս 

ֆրանչիսկոս Պապին նամակը սուրբ Հերոնիմոսի մահուան ԺԶ դարադարձի առիթով։

Անապատին մէջ է որ երիտասարդ Հերոնիմոսը զգաց Աստուծոյ շօշափելի ներկայութիւնը, Աստուծոյ հետ կապ հաստատելու մարդ արարածին պահանջը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 30-ին, Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական նամակը՝ նուիրուած Սուրբ Հերոնիմոսի մահուան ԺԶ դարադարձին ։

Ունկնդրէ լուրը

Նամակին սկիզբը Սրբազան Հայրը կ՝ընդգծէ Սուրբ Հերոնիմոսի Աստուածաշունչի հանդէպ տածած յատուկը սէրը, նկատել տալով որ Սուրբ Հերոնիմոս եղած է անխոնջ ուսումնասէր, թարգմանիչ, եւ խորապէս կը ճանչնար Սուրբ Գիրքը։ Սուրբ Հերոնիմոս  եղած է նաեւ Քրիստոնէական ճշմարտութեան պաշտպանը։ Գրած է Սրբազան Հայրը մատնանիշ ընելով, որ այսօր եւս  1600 տարի ետք, Սուրբի դիմագիծը կը շարունակէ այժմէական հանդիսանալ  21րդ դարուն քրիստոնեաներուն։

Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝անդրադառնայ ապա սուրբին կենսագրականին,յիշելով անոր քրիստոնէական ամուր կրթութիւնը , ճամբորդութիւններն ու փորձառութիւնները, որոնց շարքին անապատին մէջ ապրած ճգնաւորական կեանքը,  ուր սուրբ Հերոնիմոս Աստուծոյ հետ մշակեց սերտ յարաբերութիւն, պայքարեցաւ հոգեկան դժուարութիւններուն դէմ, ճանչնալով մարդու դիւրաբեկութիւնը,  գրած է ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ
 Անապատին մէջ է որ երիտասարդ Հերոնիմոսը զգաց Աստուծոյ շօշափելի ներկայութիւնը, Աստուծոյ հետ կապ հաստատելու մարդ էակին պահանջը։

Հռոմի հետ կապը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակի մէջ կը յիշէ Սուրբ Հերոնիմոսի Հռոմ քաղաք վերադարձը՝ ուր սերտ գործակիցը կը դանռայ  Տամասօ Քահանայապետին։ Այդ տարիներուն է, որ  սուրբ Հերոնիմոս կը վերատեսէ աւետարանի Լատին լեզուով նախորդ թարգմանութիւնները։ Հերոնիմոսի համար , Հռոմի եկեղեցին բեղուն հող մը  է , ուր Քրիստոսի սերմը  առատ պտուղ կու տայ» գրած է Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ Սուրբ Հերոնիմոսի ուսումնասիրութիւնները տեղի ունեցած են հասարակութեան մէջ եւ հասարակութեան ծառայութեան համար եւ ասոր համար  Սուրբ Հերոնիմոս մեր օրերուն,   սինոդականութեան   ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ տարբեր մշակոյթներուն տիպար է ։ ֆրանչիսկոս  Պապ  ապա նկատել կու տայ որ  Սուրբ Գիրքը հաղորդութեան հիմքն է , որովհետեւ սուրբ գիրքը չենք կրնար կարդալ առանցին։ Սուրբ գիրքը գրուած է Աստուծոյ ժողովուրդին կողմէ եւ Աստուծոյ ժողովուրդին համար ՝Սուրբ Հոգիին ներշնչումին ներքոյ։

Սուրբ Հերոնիմոսը հասկանալու  երկու բանալիները


Լիուլի հասկնալու համար Սուրբ Հերոնիմոսի անձը, Ֆրանչիսկոս Պապ անհրաժեշտ կը նկատէ ճանչնալ սուրբին յատկութիւնները, առաջինը ՝ անձնուիրումը Աստուծոյ, հրաժարելով մարդկային որեւէ սփոփանքէ ՝քրիստոսի սիրոյն համար։ Երկրորդ ուսումնասիրութեան յանձնառութիւնը , լիուլի հասկնալու համար Տիրոջ խորհուրդը։

Սուրբ Գիրքի հանդէպ տածած սէրը

Սուրբ Հերոնիմոսի հոգեւոր յատկութիւններէ մին է  նաեւ սէրը հանդէպ Սուրբ Գիրքին՝ Աստուծոյ խօսքին։  Սուրբ հերոնիմոսի համար   Ճշմարտութեան մէջ սուզուիլ կարենալու համար անհրաժեշտ է լիուլի հասնկնալ ու մեկնաբանել  հին կտակարանը։

Սուրբ Հերոնիմոսը ուղեցոյց է այսօրուան ուսումնասէրներուն։

Սուրբ Հերոնիմոսը մեր ուղեցոյցն է,  որովհետեւ ան ընթերցողը կ՝առաջնորդէ դէպի Յիսուսի խորհուրդին, եւ հմուտ է Սուրբ Գիրքի մեկնաբանութիւններուն։ գրած է ֆրանչիսկոս Պապ թուելովՍուրբ Հերոնիմոսի աշխատասիրութիւններէն  Հին կտակարանի Լատիներէն թարգմանութիւնը՝  եփրայերէն բնագիրէն ։ Ֆրանչիսկոս Պապ  նկատել կու տայ որ Հռոմէկան կայսրութեան ժամանակ քրիստոնեաները կարող էին  սուրբ գիրքը կարդալ միայն յունարէն լեզուով ։ Լատին լեզուով ընթերցողներուն համար չկար Սուրբ Գիրքի լատին լեզուով ամբողջական թարգմանութիւնը այլ կարգ մը  սուրբ գիրքի հատուածներ։ Սուրբ Հերոնիմոսին է, որ  կը պարտինք սուրբ Գիրքի նոր թարգմանութիւնը գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ, աւելցնելով որ Սուրբ Գիրքի լատիներէն լեզուով թարգմանութեան շնորհիւ է,  որ սուրբ գիրքը մուտք գործեց լատին մշակոյթին մէջ եւ այս մէկը դարձաւ եկեղեցւոյ առաքելութեան տիպար։  Սուրբ Հերոնիմիսոնի  թարգմանութեան աշխատանքը մէզի կը սորվեցնէ,  թէ իւրաքանչիւր մշակոյթի դրական ձեւերն ու  արժանիքները հարստութիւն են եկեղեցւոյ համար։Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապի կը գրէ թէ սուրբ Հերոնիմոսի մահուան յիշատակը մեզ կ՝առաջնորդէ նայելու միսիոնարներուն կենսունակութեան, արտայայտուած Աստուծոյ խօսքին աւելի քան երեք հազար լեզուներու թարգմանութիւններուն ներքեւ եւ  միսիոնարներուն է,  որ  կը պարտինք բառարաններուն, քերականութեան գիրքերը  որոնք հիմնական են մարդկային հաղորդութեան ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  կը հրաւիրէ արժեւորելու այդ բոլոր աշխատանքները եւ ներդրում կատարել անոնց մէջ, նպաստելով անհաղորդութեան պատնէշներուն վերացման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2020, 14:43