Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  Խմբագրական

Շրջաբերական մը՝ բոլորս եղբայրներ եւ քոյրերու ի նպաստ։

Մի քանի երկիրներու մէջ բանավէճ ծագած է Քահանայապետական նոր փաստաթուղթի տիտղոսի մասին ու թէ ինչպէս զայն թարգմանել ներառող իմաստով։ Շրջաբերական մը սակայն ինքնիր մէջ ունի տիեզերական պատգամ եւ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ուզէ իսկապէս խօսիլ ամէն մէկ անձի սրտին։ Փաստաթուղթը պիտի հրապարակուի 4 հոկտեմբերին. ինչպէս յայտնեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Ունկնդրէ լուրը

Անտրէա Թորնիելլի

“Fratelli tutti” տիտղոսն է զոր Քահանայապետը որոշեց տալ իր նոր շրջաբերականին, որ նուիրուած է. ինչպէս կը կարդանք ենթատիտղոսին մէջ, «եղբայրութեան» եւ «ընկերային բարեկամութեան»։  Բնագիր տիտղոսը պիտի մնայ նոյնը՝ տպագրուած բոլոր լեզուներուն մէջ, առանց թարգմանութեան։ Ինչպէս ակնյայտ է նոր շրջաբերականի առաջին բառերը ներշնչուած են Ասսիզիի Մեծ Սուրբին, որմէ Սրբազան Պապը ընտրած է իր անունը։

Սպասելով ճանչնալ այս պատգամի պարունակութիւնը զոր Սուրբ Պետրոսի յաջորդը կը միտի ուղղել համայն մարդկութեան եւ պիտի ստորագրէ յառաջիկայ 3 հոկտեմբերին Ասսիզիի Սուրբի դամբանին վրայ, վերջին օրերուն ականատես եղանք քննարկումներու, որոնք յաճախ մտահոգիչ բնոյթ ունէին ու կը հայէին միակ առկայ տուեալին,  այն է տիտղոսին եւ անոր իմաստին։  Այս մէկը ըլլալով Սուրբ Ֆրանչիսկոսէն մէջբերում (Զայն կը գտնենք Խրատներուն մէջ) Քահանայապետը ակնյայտօրէն չուզեց փոխել զայն։  Բայց անհեթեթ պիտի ըլլար կարծել որ վերնագիր մը իր ձեւակերպումով կը պարունակէ անոր հասցէատէրերու՝ մարդկային էակներու կէսէն աւելի՝ այսինքն կիները  բացառող մտադրութիւն։

Ընդհակառակը Ֆրանչիսկոս Պապը Ասսիզիի Սուրբին խօսքերը ընտրեց սկիզբ տալու համար իր սրտին խօսող խորհրդածութեան մը՝ եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան մասին, ուստի ան կ՛ուզէ խօսքը ուղղել բոլոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց եւ կիներուն,  որոնք աշխարհը կը բնակին։ Բոլորին անխտիր ներառող եւ ոչ թէ բացառական կերպով։  Կ՛ապրինք ժամանակաշրջան մը որ յատկանշուած է պատերազմներով, աղքատութեամբ, գաղթականութեան երեւոյթով, կլիմայական փոփոխութիւններով, տնտեսական տագնապով, համաճարակով։ Իրար զիրար եղբայր ու քոյր ճանչնալը, մեր հանդիպած մարդոց մէջ եղբայր ու քոյր տեսնելը, եւ քրիստոնեաներուս համար տառապողին մէջ Յիսուսին դիմագիծը նկատելը ձեւ մըն է վերահաստատելու ամէն մէկ մարդ էակի Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած անկրկնելի արժանապատուութիւնը։ Ձեւ մըն է նաեւ յիշելու թէ ներկայ դժուարութիւններէն կարելի չէ դուրս գալ մինակ, մէկը միւսին դէմ, Արևմուտքը Արեւելքի դէմ, հարուստը աղքատին դէմ։

Անցեալ Մարտ 27-ին համաճարակի ծանր օրերուն, Հռոմի Եպիսկոպոսը Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակին վրայ, յորդառատ անձրեւին տակ,  աղօթած էր բոլորի փրկութեան համար, Սան Մարչելլօ Եկեղեցւոյ Խաչեցեալի ցաւագին եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սիրալիր հայեացքներուն ընկերակցութեամբ։ «Փոթորիկին հետ միասին ի յայտ եկան կարծրատիպ հնարքները, որոնցմով կը դիմակաւորէինք մեր «ես»ը, մտահոգուած մեր սեփական պատկերով ու ի յայտ եկաւ նաեւ մեր միասնական օրհնեալ պատկանելիութիւնը, որմէ փախուստ չենք կրնար տալ` եղբայրներու պատկանելիութիւնը» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։ Եւ Քահանայապետի նամակին կեդրոնական նիւթը արդարեւ այդ միասնական օրհնեալ պատկանելիութիւնն է,  որ մեզ եղբայր ու քոյր կը դարձնէ։

Եղբայրութիւն եւ ընկերային բարեկամութիւն, ենթատիտղոսին մէջ նշուած նիւթերը ցոյց կու տան թէ ինչն է որ մարդիկն ու կիները իրար կը միացնէ, սէր մը՝ որ կը հաստատուի ազգականական կապ չունեցող երկու անհատներու միջեւ ու կ՛արտայայտուի սիրոյ արարքներով, օգնութեան ձեւերով եւ կարիքի պահուն եւ վեհանձն գործերով։ Անշահախնդիր սէր մը այլ մարդ էակներու նկատմամբ, անկախ տարբերութիւններէ եւ պատկանելիութիւններէ։  Այս պատճառով ալ հնարաւոր չէ որեւէ թիւրիմացութիւն կամ մասնակի ընթերցում «Fratelli tutti - բոլորը եղբայրներ» բառերու համընդհանուր և ներառական պատգամի մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2020, 15:05