1600596196628.JPG

Քահանայապետը ողջունեց Պուտաբեշտի հաւատացեալները եւ յիշեց նոր սերունդի կազմաւորման կարեւորութիւնը։

«Հոգեպէս միացած շարունակենք նախապատրաստական ճանապարհը, Սուրբ Հաղորդութեան մէջ գտնելով եկեղեցւոյ կեանքի եւ առաքելութեան ակնաղբիւրը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 20 սեպտեմբեր 2020ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն յիշեցուց ՝թէ «նախօրօք, համաճարակէն առաջ պատրաստուած օրակարգի համաձայն, անցեալ օրերուն Պուտաբեշտի մէջ  նախատեսուած էր Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարը։

 «Ասոր համար կ՛ուզեմ իմ ողջոյնս ուղղել Հունգարիոյ Հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն ու բոլոր անոնց որոնք հաւատքով եւ ուրախութեամբ կը սպասէին այս եկեղեցական ձեռնարկին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով որ Համագումարը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ 2021-ի՝  5-12 սեպտեմբերին միշտ Պուտաբեշտի մէջ։

«Շարունակենք նախապատրաստական ճանապարհը հոգեպէս միացած, Սուրբ Հաղորդութեան մէջ գտնելով եկեղեցւոյ կեանքի եւ առաքելութեան ակնաղբիւրը»  յարեց ապա Քահանայապետը յիշելով՝ թէ «այսօր Իտալիոյ մէջ կը յիշատակուի Սուրբ Սրտի կաթողիկէ համալսարանի Օրը», այդ ուղղութեամբ քաջալերելով բոլորը թիկունք կանգնելու այդ կարեւոր մշակութային հաստատութեան, որ կոչուած է շարունակութիւն եւ նոր սլացք տալու ծրագիրի մը, որ կարողացաւ բազմաթիւ երիտասարդ սերունդներուն համար բանալ ապագայի դռները։

«Խիստ կարեւոր է որ նոր սերունդները կազմաւորուին մարդկային արժանապատուութեան եւ հասարակաց տան խնամքի ուղղութեամբ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ողջունեց  հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը եւ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2020, 12:45