Որոնել

Հայր Ռոպերթոյի յիշատակին Սուրբ Պատարագ Հայր Ռոպերթոյի յիշատակին Սուրբ Պատարագ 

Կարդինալ Քրաժեվսքի, Ֆրանչիսկոս Պապին հայրական մօտիկութիւնը փոխանցեց Հայր Ռոպերթոյին յիշատակին մատուցուած Սուրբ պատարագի ներկայ հաւատացեալներուն։

Ծիրանաւորը, Ֆրանչիսկոս Պապին հայրական մօտիկութիւնը փոխանցեց կարիքաւոր եղբայրներուն, որոնց բոլոր սրտով եւ մինչեւ իր կեանքին վերջին առաւօտուն ծառայեց եղբայրսիրութեան նահատակ,  Հայր Ռոպերթօն։

Շաբաթ, 19 սեպտեմբերին, Իտալիոյ Քոմօ քաղաքի մայր տաճարին մէջ , Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ, ի յիշատակ Հայր Ռոպերթօ Մալկեզիին, նախագահութեամբ, քահանայապետական ողորմնաբաշխ կարդինալ Քրաժեվսքիին։

Ունկնդրէ լուրը

Յիշենք, որ Հայր Մալկեզինի սպաննուեցաւ իր բնակարանին դիմաց, ուղեղային խանգարում ունեցող անտուն անձի մը կողմէ ,որուն հոգ կը տանէր նոյնինքն  եղբայրսիրութեան նահատակ հանգուցեալ քահանան։

Սուրբ Պատարագը մատուցեց, Քոմօ Թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Օսքար Քանթոնի,  ծովածաւալ հաւատացեալներուն ներկայութեան։
Գերապայծառը պատարագին սկիզբը նշեց, որ սա տխուր պահ մըն է սակայն նաեւ մխիթարութեան պահ մը։ Հայր Ռոպերթոն, վեհանձնութեամբ գործեց աւետարանի տարածման ի սպաս։

Ապա խօսքը առաւ քահանայապետական ողորմնաբաշխ, կարդինալ Քոնրատ Քրաժեսքին ։Ան իր խօսքին մէջ  ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին հայրական մօտիկութիւնը փոխանցեց նշելով    որ Սրբազան Քահանայապետը մեր հետն է ։Ան կը միանայ մեր աղօթքներուն կը միանայ հայր Ռոպրեթոյին հարազատներուն  ապրած վիշտերուն։

Ծիրանաւորը, Ֆրանչիսկոս Պապին հայրական մօտիկութիւն փոխանցեց նաեւ կարիքաւոր եղբայրներուն, որոնց բոլոր սրտով եւ մինչեւ իր կեանքին վերջին առաւօտուն ծառայեց եղբայրսիրութեան Նահատակ,  Հայր Ռոպերթօն։ըսաւ կարդինալը աւեցնելով որ Հայր Ռոպերթոն մեռաւ, հետեւաբար կ՝ապրի։ Սէրը երբեք չմեռնիր, ոչ իսկ մահով։ Չէ կարելի քրիստոնեաներ ըլլան մինչեւ ծայրաստիճան, առանց սնուցելու այդ սէրը, որ կ՝առաջնորդէ  կեանքը նուիրելու եղբօրը համար։ հայր Ռօպերթոն իւրացուց եւ իրը ըրաւ Յիսուսի աղօթքը ։հայր մեր եղիցի կամք քո, սուրբ եղիցի անուն քո, եկեսցէ արքայութիւնդ քու եւ ոչ իմս, ըսաւ կարդինալ Քրաժեսքին։

Պատարագի աւարտին Կարդինալը Քրաժեսքին, Հայր Ռոպերթոյի համագործակիցներուն,  կամաւորներուն ու կարիքաւորներուն փոխանցեց ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նուիրուած վարդարաններ։
Ան ապա յատուկ մարգարիտէ հատիկներով  պատրաստուած վարդարան մը նուիրեց  Հայր Ռոպերթոյին ծնողքին, որոնք պատարագի ներկայ չգտնուեցան, ծերութեան եւ հիւանդութեան պատճառով։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2020, 13:30