«Բողոքները թող ըլլան խաղաղ, անսալ քաղաքացիներու ձայնին». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ ուղղեց ի նպաստ Մորիայի գաղթականներու մարդկային եւ արժանավայել հիւրընկալութեան, յիշեց Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքը եւ հրաւիրեց անսալ քաղաքացիներու ձայնին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 սեպտեմբեր 2020-ի Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հարիւրաւոր հաւատացեալները յիշեց անցեալ օրերուն Լեզվոս կղզիի Մորիա գաղթավայրի մէջ բռնկած հրդեհները, որոնք, ըսաւ Ան,  հազարաւոր մարդիկ լքեցին առանց ապաստանի։

Երաշխաւորել գաղթականներու հիւրընկալութիւնը։

«Միշտ ողջ է մտքիս մէջ այցը զոր կատարեցի այնտեղ ու կոչը զոր ուղղեցի Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսի եւ Աթէնքի Արքեպիսկոպոսի Երոնիմոսի հետ միասին,  «մարդկային եւ արժանավայել հիւրընկալութիւն մը երաշխաւորելու գաղթական կիներուն ու մարդոց, փախստականներուն ու բոլոր անոնց որոնք Եւրոպայի մէջ ապաստան կը փնտռեն» ըսաւ Սրբազան Պապը իր «զօրակցութիւնն ու մօտիկութիւնը  արտայայտելով՝ այդ ողբերգական իրադարձութիւններու բոլոր զոհերուն»։

Անսալ քաղաքացիներու ձայնին։

Ան ապա ակնարկեց աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ վերջին շաբաթներուն տեղի ունեցած բողոքի բազմաթիւ Ժողովրդային ցոյցերուն,  որոնք, ըսաւ Ան կ՛արտայայտեն քաղաքացիական ընկերութեան անհանգստութիւնը՝ քաղաքական եւ ընկերային քննադատական իրավիճակներուն ի տես։ 

Մինչ կը խրախուսեմ ցուցարարները իրենց պահանջները ներկայացնելու ոչ թէ բռնի այլ խաղաղ կերպով, կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր անոնց որոնք հանրային եւ կառավարման պատասխանատուութիւններ ունին մտիկ ընելու իրենց քաղաքացիներու ձայնին ու ընդառաջելու անոնց արդար ձգտումներուն, ապահովեցնելով մարդկային իրաւունքի  եւ քաղաքացիական ազատութեան լիակատար յարգանքը։ Կը հրաւիրեմ նաեւ, այդ միջավայրերու մէջ ապրող  եկեղեցական հասարակութիւնները, իրենց Հովիւներու ղեկավարութեամբ, գործելու  ի նպաստ երկխօսութեան, միշտ ի նպաստ երկխօսութեան ու հաշտութեան» շեշտեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը։

Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաաք

Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց թէ համաճարակի բերումով Սուրբ Երկրի ի նպաստ այս տարուայ դրամահաւաքը Աւագ ուրբաթ օրուընէ փոխադրուեցաւ այսօրուայ՝ Սուրբ Խաչի վերացման տօնի նախօրեակին։  «Ներկայ իրականութեան մէջ այս դրամահաւաքը աւելի մեծ նշան է յոյսի եւ զօրակից մօտիկութեան, այն քրիստոնեաներուն որոնք կ՛ապրին այն հողերուն վրայ, ուր Աստուած մարդեղացաւ մահացաւ ու յարութիւն առաւ մեզի համար։

Այսօր կատարենք հոգեւոր ուխտագնացութիւն մը, երեւակայութեամբ ու սրտով դէպի Երուսաղէմ, ուր ինչպէս կ՛ըսէ սաղմոսերգուն կը գտնուին մեր արմատները ու վեհանձնութեան արարք մը կատարենք այդ հասարակութիւններուն համար» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2020, 12:50