Որոնել

Երիտասարդական հաւաք (2013) Երիտասարդական հաւաք (2013) 

Ֆրանչիսկոս Պապը Արժանթինի երիտասարդներուն. «Ունեցէք իտէալներ աշխարհը փոխելու համար»։

«Արձաններ մի ըլլաք»։ Այս է Ֆրանչիսկոս Պապին խրատը զոր ան լսատեսողական պատգամով ուղղեց անցեալ շաբաթ օր Արժանթինի հիւսիս արեւելք 41րդ ուխտագնացութեան մասնակցող երիտասարդներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եղէք կենսունակ անձեր, իտէալներով անձեր. Անձեր որոնք աշխարհը կը փոխեն։ Անշարժ մի մնաք, արձաններու նման մի ըլլաք» Ֆրանչիսկոս Պապին խրախուսական խօսքերն ասոնք զոր ան լսատեսողական պատգամով մը ուղղեց Արժանթինի երիտասարդներուն, որոնք անցեալ շաբաթ օր՝ 19 սեպտեմբերին մասնակցեցան հիւսիս արեւելք 41-րդ ուխտագնացութեան։

Կեանքը ուղեւորութեան մէջ է

Վերոնշեալ ձեռնարկը՝ համաճարակի բերումով այս տարի կայացաւ առցանց ու Քահանայապետը խօսքին մէջ ընդգծելով այս մէկը նշեց՝ թէ նոյնիսկ եթէ «ուխտագնացութիւնը կը կատարուի «վիթուալ» կերպով, դուք անոր կը մասնակցիք սրտով եւ կ՛ուղղուիք Տիրամօր հետ հանդիպումին»։

«Կ՛ընկերանամ ձեզի այս «վիրթուալ» ուղեւորութեան, որ կը մնայ միշտ ուղեւորութիւն», նշեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «հարկաւոր է երբեք չի մոռնալ որ կեանքը ուղեւորութիւն է»։

Հակառակ դժուարութիւններու եւ սխալներուն որոնց  բոլորս կարող ենք հանդիպիլ ճանապարհորդութեան ընթացքին կարեւորը միշտ վերականգնելն է եւ ուղիին վերադառնալն է,  որովհետեւ անշարժ մնալով «վտանգը կայ արձաններ դառնալու», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը որ պատգամի աւարտին բոլորին շնորհեց  իր հայկարան օրհնութիւնները յիշեցնելով՝ որ «Սուրբ Կոյս Մարիամը լաւապէս գիտէ թէ ինչ կը պատահի անոնցմէ իւրաքանչիւրի սրտին մէջ, որովհետեւ ան Մայր է եւ հոգ կը տանի ձեզի« հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

1979-ին սկիզբ առած վերոնշեալ ուխտագնացութեան աւանդութեան ընդհանրապէս իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 300 հազար երիտասարդներ։ Այս տարի 41-րդ ուխտագնացութեան մասնակցող երիտասարդները  հաստատեցին թէ իրենք կ՛ուզեն աւելիին ձգտիլ, ըլլալ այն ինչ որ Աստուած կ՛ուզէ որ անոնք ըլլան, այսինքն իրենք զիրենք, որովհետեւ միայն այդպէս է որ կարելի է երջանիկ ըլլայ, փայլիլ եւ լուսաւորեալ նաեւ ուրիշները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2020, 12:00